Հայազգի Մարզիկը Պիտի Մասնակցի «Սփորթ Աքորտ» Մարտական Մարզաձեւի Աշխարհի Առաջին Ախոյեանութեան

Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ  Հայաստանէն 100 քկ կշիռքի մարզին մէջ մէկ մարզիկ` Հրանդ Առաքելեան պիտի մասնակցի հոկտեմբերին կայանալիք` «Սփորթ Աքորտ» մարտական մարզաձեւի աշխարհի առաջին ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ Ս. Փեթերսպուրկի քաղաքին մէջ:

Միջազգային կարգի մրցավար եւ մարզիչ Դաւիթ Խիթարեանի աշակերտը վերջերս նկատելիօրէն բարելաւած է իր մարզական ցուցանիշերը:

Յայտնենք, որ ան ռուսական Քազան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած 27-րդ համաշխարհային ուսանողական խաղերուն պրոնզ մետալ մը շահեցաւ:

Խիթարեանի խօսքերէն կը հասկնանք, որ Առաքելեան ունի միայն մէկ դժուարութիւն, որն է մրցակիցի պակասը, որովհետեւ Հայաստանի մէջ 100 քկ կշիռքի մարզին մէջ բաւարար մարզիկներ չկան եւ ինք պակասը ունի փորձառութեան: Այս հարցը լուծելէ ետք, Խիթարեան կը հաստատէ, որ իր մարզիկը շատ լաւ արդիւնքներ ձեռք կը ձգէ:

Նշենք նաեւ, որ «Սփորթ Աքորտ» մարտական մարզաձեւի աշխարհի առաջին ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 93 տարբեր երկիրներէ եկած մեծ թիւով մարզիկներ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )