Թուրք Ըմբշամարտիկը Պատժուեցաւ Հայերը Եւ Յոյները Անարգելուն Պատճառով
Ռուսական լրատուամիջոց մը կը հաղորդէ, որ Լոնտոնի 2012-ի ողիմպիական խաղերուն պրոնզէ մետալ շահած թուրք ըմբշամարտիկ Ռիզա Կայալփ որակազրկուեցաւ «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր պաշտօնական էջին վրայ տեղադրած ցեղապաշտական գրութեան պատճառով:
Ռիզա Կայալփ իր այդ գրութեան մէջ վիրաւորած է հայերն ու յոյները` զանոնք անուանելով «շուներ», ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ եղած հակակառավարական ցոյցերու պատասխանատու ժողովուրդներ:
Այս պատճառով Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը կէս տարուան պատիժ մը տուած է թուրք մարզիկին եւ իրմէ գրաւած է «Լոնտոն 2012» ողիմպիական խաղերուն շահած իր պրոնզէ մետալը:
CATEGORIES Մարզական