«Ռաֆայէլ Նատալ – Մոնրէալ Մասթըրզի Ախոյեան»

Ռաֆայէլ Նատալ

Երէկ քանատական Մոնրէալ քաղաքին մէջ աւարտեցաւ «Մասթըրզ 1000» կարգի թենիսի հեղինակաւոր մրցաշարքը:

Աւարտական խաղին սպանացի եւ աշխարհի նախկին թիւ մէկ թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ շատ դիւրին յաղթանակ մը տարաւ Միլոշ Ռաոնիչի դէմ` 6-2, 6-2 արդիւնքով, եւ երրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ Քանատայի բաց ախոյեանութեան տիտղոսակիր:

Յայտնենք, որ այս յաղթանակով Նատալ իր արհեստավարժ ասպարէզին մէջ նուաճեց իր 58-րդ տիտղոսը:

Նշենք նաեւ, որ այս տարի Նատալ շահած է 8 «Էյ. Թի. Փի. Թուր»-ի տիտղոսներ, եւ ասիկա ամէնէն շատն է այս տարուան բոլոր խաղացողներուն արձանագրած իրագործումներուն մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )