Քաւանի. «Նպատակս Է Դառնալ Փարիզ Սեն Ժերմենի Հիմնական Յառաջապահը»

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ակումբի ուրուկուէյցի նոր յառաջապահ Էտիսըն Քաւանի պատրաստ է պայքարելու այս տարուան ընթացքին` գտնելու համար իր տեղը խումբին մէջ:

Ֆութպոլիստը իր այս ծրագիրին մասին խօսեցաւ Ֆրանսայի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի իրենց խաղէն ետք, որ աւարտեցաւ (1-1) արդիւնքով` Մոնփելլիէի դաշտին վրայ:

Ան ըսաւ, որ առաջին իսկ հանդիպումին առիթը ունեցաւ խումբին շապիկը կրելու ու դաշտ ներկայանալու եւ ինք լեցուն էր զգացումներով: Անոր նպատակն է խումբին մէջ տեղ գտնել եւ փաստել ինքզինք` աւելցնելով, որ ինք շատ մեծ ծրագիրներ ունի այս տարի իր նոր ակումբին հետ:

Քաւանիի խօսքերը յայտնուեցան ակումբի պաշտօնական կայքէջին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES