Լիոն Հետաքրքրուած Է Նանթի Յառաջապահով

Ֆիլիփ Ճորճեւիչ

«Սփորթս Մետիա Սեթ» կը հաղորդէ, որ ֆրանսական Նանթ ակումբի յառաջապահ Ֆիլիփ Ճորճեւիչ կը նկատուի Լիոնի յարձակման գիծի զօրացման գլխաւոր թեկնածուն:

25 տարեկան յառաջապահը նախորդ տարեշրջանին 20 կոլի հեղինակ դարձաւ Ֆրանսայի երկրորդ դասակարգի մրցաշարքին եւ ատիկա պատճառ դարձաւ, որ իր խումբը վերադառնայ Ֆրանսայի ախոյեանութեան:

Ան աւելի արժեւորուեցաւ, երբ շաբաթավերջին Ֆրանսայի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի Նանթ – Պասթիա մրցումին լաւ ձեւով խաղցաւ եւ իր խումբը 2-0 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ խաղէն:

Նշենք, որ իր փոխանցման գինը կ՛ըսուի, թէ մօտաւորապէս 5 միլիոն եւրօ է:

Պէտք է նշել նաեւ, որ Նանթի ներկայ մարզիչը ֆրանսահայ Միշել Տէր Զաքարեանն է:

Share this Article
CATEGORIES