Լիվըրփուլ Մերժեց Ակերի Վերաբերեալ Պարսելոնայի Առաջարկը
Լիվըրփուլի ղեկավարութիւնը մերժեց Պարսելոնայի` Դանիոյ հաւաքականի յետսապահ Տանիել Ակերը գնելու պաշտօնական առաջարկը: Այս լուրը կը հաստատեն անգլիական լրատուական միջոցները:
Սպանական ակումբը 17 միլիոն եւրօ առաջարկած է Լիվըրփուլին, սակայն անգլիական ակումբը մերժած է այդ առաջարկը, որովետեւ չէ գոհացուցած իրեն այդ գումարը:
Ֆութպոլիստին գործակալը` Պեր Սթեֆենսըն հաստատեց, որ Պարսելոնա կը փափաքի ձեռք ձգել Ակերը, սակայն երկու խումբերը տակաւին համաձայնութեան չեկան խաղացողին փոխանցման արժէքին հարցով:
Յայտնենք, որ անցեալ շաբաթ Ակեր դարձաւ Լիվըրփուլի փոխ խմբապետ:
CATEGORIES Մարզական