Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր երկինքը պայծառ է այսօր, բախտաբեր: Կրնաք ձեր սիրելիին հետ հաճելի պահեր ունենալ, ամուսնացած ըլլաք թէ ամուրի: Ուրախ եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պէտք է յաւելեալ ճիգ թափէք ընկերութեան մէջ համակերպ ապրելու համար: Նկատի առէք ձեր խօսակիցներուն կարծիքը ամենայն ուշադրութեամբ: Միտքերու փոխանակումը անհրաժեշտ է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Յաջող գործունէութիւն մը պիտի ունենաք` եռանդուն աշխատանքով: Օրը ունի արդիւնաւէտ ընթացք` շնորհիւ ձեր հետապնդած աշխատանքին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Սիրային պատմութիւն մը պիտի ստանայ լուրջ շրջադարձ մը: Հետեւեցէք կացութեան` միշտ հաւատալով սիրոյ անկեղծութեան: Օրը բարի է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Այսօր ունիք անհամբեր տրամադրութիւն` օրուան ճաշը համտեսելու, որովհետեւ ձեզի թելադրուած է հետեւիլ սննդականոնի մը: Օգտուեցէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մանուկները հետաքրքրուած են սորվելով եւ նորութիւններ իմանալով: Արթնցուցէք անոնց հետաքրքրասէրի փափաքը: Դուք ալ կ՛ուրախանաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր փնտռած աժան ապրանքը պիտի գտնէք ըստ ձեր փափաքին: Ուրեմն կրնաք իրագործել այն ծրագիրը, որ կապ ունէր շուկայի գինին հետ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր արտաքինը յարդարեցէք, խնամուած տեսք ունեցէք, որպէսզի ձեր շուրջինները լաւ տրամադրուին ձեր նկատմամբ: Ներկայանալի եղէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր ընկերային կեանքը սիրալիր ընթացք պիտի ունենայ: Ձեր բարեկամները լաւ տպաւորուած են ձեզմով, օգտուեցէք այս առիթէն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ժամանակը տօնական ըլլալ կը թուի: Հետեւեցէք, թէ ինչպիսի՛ վերաբերում պիտի ունենաք ձեր շրջապատին մէջ: Գուցէ նուէր մը կը սպասեն ձեզմէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պիտի հետաքրքրուիք ներդրում կատարող անձերով: Ձեր աշխատանքը յառաջ մղելու լաւագոյն ձեւն է այս նիւթական ապահովելու համար:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օգտակար պիտի ըլլաք կարիքաւոր անձերու, ինչ որ օրինակելի կեցուածք է: Պիտի գնահատուիք, որովհետեւ միայն ձեր մասին չէք մտածեր, այլ նաեւ` ուրիշներու:

