50 Տարի Առաջ (14 Օգոստոս 1963)

Խմբագրական

Մոսկուայէն Ետք…

Երեք Մեծերու` Միացեալ Նահանգներու, Խորհրդային Միութեան եւ Մեծն Բրիտանիոյ միջեւ ստորագրուած հիւլէական փորձերու մասնակի դադրեցման վերաբերեալ դաշնագիրը, անկախ այն իրողութենէն, որ վերջ կու տայ վտանգաւոր զինարշաւի մը, մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ, երբ նկատի կ՛ունենանք անոր ընծայած հնարաւորութիւնները այլ մարզերու մէջ հետագային գոյանալիք համաձայնութիւններու տեսանկիւնէն: Այլ խօսքով, եթէ այդ դաշնագրին մէջ տեսնենք նախանշանը միջազգային յարաբերութիւններու նոր շրջանի մը, որ կը բացուի երկու Գեր-Մեծերու բարեացակամ տրամադրութեամբ:

Անշուշտ կարելի է երկար վիճիլ այն արժէքի մասին, որ ընդհանրապէս դաշնագիրները կը ներկայացնեն Քրեմլինի աչքին: Միացեալ Նահանգներու նախագահին մասնաւոր խորհրդականը` Էվըրըլ Հերիմէն, որ Մոսկուայի մէջ բանակցեցաւ դաշնագիրի կնքումին համար եւ միջազգային դիւանագիտութեան բոլոր ճամբաներուն քաջածանօթ անձնաւորութիւն մըն է, շնորհիւ իր երկարամեայ ասպարէզին եւ դիւանագէտի բացառիկ կարողութիւններուն,  շատ ճիշդ կերպով դիտել տուաւ, թէ Մոսկուայի շահը այս անգամ կը պահանջէ յարգել այս դաշնագիրը: Հակառակ պարագային, պէտք չէ զարմանալ, եթէ Խրուշչեւ դրժէ զայն, ինչպէս դրժած է բազմաթիւ այլ դաշնագիրներ, որոնք իր շահերուն դէմ նկատած է:

Ներկայիս, ամերիկեան Ծերակոյտին առջեւ, Քենետիի վարչութիւնը, յանձին իր արտաքին եւ պաշտպանութեան նախարարներուն, կը պաշտպանէ Մոսկուայի դաշնագիրը, անոր վաւերացումը ապահովելու համար: Կասկած չկայ, թէ դաշնագիրը պիտի վաւերացուի, մանաւանդ որ, թէ՛ Տին Ռասք եւ թէ՛, մանաւանդ` Ռապըրթ ՄաքՆըմարա, Մոսկուայի համաձայնագիրին ի նպաստ իրենց արտայայտութիւններու ընթացքին լայն տեղ յատկացուցած են այն երաշխիքներուն, որոնք անհրաժեշտ են փարատելու ամերիկացի ծերակուտականներու մտահոգութիւնները` Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան տեսակէտէն:

Այլ ճակատի մը վրայ, Մոսկուայի համաձայնագիրը աւելի եւս շեշտեց այն տարակարծութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին Միացեալ Նահանգներու եւ անոր եւրոպական դաշնակիցին` Ֆրանսայի միջեւ: Եւրոպական մամուլը այսօր իր գրեթէ բոլոր մեկնաբանութիւնները կը յատկացնէ Ուաշինկթընի ու Փարիզի միջեւ ստեղծուած այս նոր կացութեան, որ իրականին մէջ, անցեալէն կու գայ, այսինքն ճիշդ այն օրէն, երբ զօր. տը Կոլ, հակառակ ներքին ու արտաքին անհամար դժուարութիւններու, իր ընելիքն ու երթալիք տեղը գիտցող մարդու մը հաստատամտութեամբ, որոշեց ունենալ հիւլէական անկախ ուժ մը` զայն միակ գրաւականը նկատելով ազգային անկախութեան:

Զօր. տը Կոլի այս յամառութեան մէջ պէտք է տեսնել հին ցամաքամասին` միջազգային բեմին վրայ իր նախկին դերը տալու բուռն ցանկութիւնը: Աւելին. տը Կոլ չի հաւատար, թէ Ուաշինկթըն-Մոսկուա համաձայնութեամբ, կարելի պիտի ըլլայ խաղաղութեան երազային օրերուն հասնիլ: Անհրաժեշտ կը նկատէ եւրոպական տարրը` միջազգային բոլոր հասկացողութիւններու իրականացման եւ տեւականացման մէջ: Ու ճիշդ անոր համար ալ, Էլիզէի մենաւորը Ատլանտեանէն մինչեւ Ուրալները ստեղծուելիք Եւրոպայի մը հեռանկարով, կուրծք կու տայ Մոսկուայի դաշնագիրին առթիւ ստեղծուած միջազգային խանդավառութեան ալիքներուն, այն համոզումով, թէ վերջին հաշուով, պատմութիւնը իրաւունք պիտի տայ իրեն:

Մինչ այդ սակայն, դէպքերը կը հետեւին իրենց տրամաբանական ընթացքին: Միացեալ Նահանգները, որոնք մինչեւ հիմա չէին ուզեր որեւէ ձեւով, բանակցիլ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ ոչ-յարձակման ուխտի մը կնքումին համար, այժմ նուազ անզիջող դարձած են եւ կարծէք կ՛ուզեն փութացնել Խորհրդային Միութեան «արեւմտականացումը», որուն իրագործումը Ուաշինկթընի նոր ղեկավարներուն հիմնական նպատակը կը հանդիսանայ:

Համաշխարհային չափանիշով տարուած այս աշխատանքին մէջ, մնացեալ բոլոր խնդիրները չեն մտներ նախագահ Քենետիի եւ անոր անմիջական գործակիցներու հաշիւներուն մէջ:

 

Հաղորդագրութիւն

Երէկ` երեքշաբթի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսը, ընկերակցութեամբ Վարդան վարդապետի եւ պետական հայ երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեանի, Խաչիկ Պապիկեանի, Սուրէն Խանամիրեանի եւ Վարդգէս Շամլեանի, քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Ֆուատ Շեհապին, Աժալթունի անոր ապարանքին մէջ:

Նորին սրբազնութիւնը իր այս առաջին այցելութեան առթիւ հայ ժողովուրդին համակրանքն ու հաւատարմութիւնը յայտնեց նախագահին եւ իր անձին միջոցով` լիբանանեան բարեխնամ կառավարութեան եւ բարեմաղթութիւններ ըրաւ, եւ որուն ի պատասխան` նախագահը նախ շնորհաւորեց սրբազանը Լիբանանի հայոց առաջնորդ ընտրութեան առթիւ եւ գնահատեց հայ ժողովուրդին հաւատարմութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնելով արտայայտուած մաղթանքներուն եւ բարի զգացումներուն համար:

Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ շատ սիրալիր մթնոլորտի մէջ:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 

Share this Article
CATEGORIES