«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Ճարապլուսի, Արաբ Բունարի Եւ Տերպեսիէի Հայկական Համայնքները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մեծ եղեռնէն ետք Սուրիա ապաստան գտած գաղթական հայութիւնը ցրուեցաւ տարբեր շրջաններու մէջ եւ ոմանք բնակութիւն հաստատեցին հիւսիսային Ճեզիրէի բնակավայրերուն մէջ` Ճարապլուս, Արաբ Բունար, Տերպեսիէ, Ամուտա եւ այլն:

«Ազդակ» 1953 սեպտեմբերի եւ 1954 օգոստոսի եւ հոկտեմբերի թիւերով եւ առանձին թղթակցութիւններով անդրադարձած է այդ շրջաններու հայկական համայնքներուն: Համայնքներ, որոնցմէ ոմանց մասին ընդհանրապէս շատ քիչ բան կայ արձանագրուած: Համադրելով, կը ներկայացնենք Ճարապլուսի, Արաբ Բունարի եւ Տերպեսիէի համայնքները` 1950-ական տարիներու տուեալներով:

Ճարապլուս

Ճարապլուսի դաշտերը

Ճարապլուս

 

 

 

 

 

 

 

Ճարապլուս առաւելաբար արաբական գիւղ մըն է, որ կը գտնուի Արաբ Բունարի եւ Մումպուճի միջեւ, թրքական սահմանէն քիչ հեռու, Եփրատ գետի եզերքը: Երկաթուղագիծը մօտէն անցնելուն, կայարան մըն ալ հիմնուած է սահմանագծին վրայ: Բայց այս ուղին հազուադէպօրէն կը գործածուի, ներկայացուցած կարգ մը անպատեհութեանց պատճառաւ: Հալէպէն մեկնող ճամբորդները կը նախընտրեն օթօպիւսներով կատարել իրենց փոխադրական պիտոյքները: Կարեւոր հանգրուան մը դարձած է ճամբորդներուն համար, որոնք, փոխադրական միջոցներու դիւրութեան պատճառաւ փոխն ի փոխ մէկը կամ միւսը կը գործածեն, նայած յարմարութիւններուն: Գամիշլիէն մեկնող ճամբորդը մինչեւ Ճարապլուս երկաթուղագծով կը կատարէ իր ճամբորդութիւնը, անկէ օթօպիւսներով մեկնելու համար Հալէպ: Իսկ Հալէպէն մեկնողներն ալ ճիշդ ատոր հակառակը կը գործադրեն տրուած ըլլալով որ Ճարապլուսէն անդին մինչեւ Հալէպ երկաթուղիով ճամբորդութիւնը յապաղումի տեղի կու տայ, ճամբու ընթացքին կատարուած խիստ քննութեանց եւ կամայական արարքներու հետեւանքով:

Տասնեակ թիւերով հայ ընտանիքներ բնակութիւն հաստատած են հոս, ունեցած կարգ մը առաւելութիւններուն պատճառաւ, ապրուստի դիւրութեան տեսակէտէ: Գլխաւոր զբաղումը հայերուն կը կայանայ իրենց արհեստը իրագործելու մէջ, բաւարար չափով գոհացնելով իրենց հետապնդած նպատակը:  Կան փոքր առեւտրականներ, բժիշկներ եւ այլ դասակարգերու պատկանող անձեր:

Միութենական աշխատանքները բաղձացուած ձեւով կ՛ընթանան, իսկ Ազգային դպրոցը կը ղեկավարուի Ուսումնական խորհուրդի մշակած ծրագրին կէտ առ կէտ գործադրութեամբը:

Որպէս ըմպելի ջուր կը գործածեն Եփրատի ջուրը, որ երբեմն վտանգաւոր կը դառնայ, ձմեռ ատեն անակնկալօրէն յորդելուն պատճառաւ:

Օդը մաքուր է ու առողջապահական դիւրութիւններ կ՛ընծայէ: Տեղացի ժողովուրդը առ հասարակ երկրագործութեամբ կը զբաղի:

Կառավարութիւնը հոս ալ հիմնած է պետական վարժարան մը, ուր կը յաճախեն անխտիր բոլոր համայնքներու աշակերտները:

Կառավարութիւնը բարեացակամ վերաբերում ունի ժողովուրդին հանդէպ:

Արաբ Բունար

Արաբ Բունար

Արաբ Բունար (կը կոչուի նաեւ` Այն Արաբ) կը գտնուի Հալէպի հիւսիս-արեւելեան կողմը, թրքական սահմանին կից` դաշտագետնի մը վրայ: Իսկ Թէլ-Ապիատի հիւսիս-արեւմտեան կողմը, 60-էն 110 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ: Երկու ուղղութիւններով արահետներ կան, մին երկաթուղագծի երկայնքին (60 քիլոմեթր), որ անգործածելի դարձած է, իսկ միւսը անապատէն (110 քիլոմեթր) մեծ շրջան մը կ՛ընէ հարիւրաւոր գիւղերէ անցնելով: Բոլոր բեռնատար ինքնաշարժներն ու ճամբորդ փոխադրող կառքերը, ընդհանրապէս այս ուղին է որ կը գործածեն, հանդուրժելով քարքարուտ մասերու ցնցումներուն եւ փոշիապատ ճամբաներուն ալ անշնչելի փոշիներուն:

Տարիներու ընթացքին երբեմնի աննշան գիւղը, գիւղաքաղաքի է վերածուած: Այս շրջաններու ամէնէն բազմամարդ աւանն է, երթեւեկի դիւրութեան պատճառաւ: Հալէպէն օթօպիւս մը ամէն օր ճամբորդներ կը փոխադրէ, Եփրատ գետի վրայէն լաստերով անցնելով, ձմեռը սակայն անկարելի կը դառնայ նոյն ուղիով ճամբորդելը. ինքնաշարժները ստիպուած կ՛ըլլան 370 քիլոմեթր հեռաւորութենէ մը շրջան ընել, Ռաքքայի ճամբով, որպէսզի Արաբ Բունար հասնին, առտուընէ մինչեւ իրիկուն ճամբորդելով: Կան ճամբորդներ ալ, որոնք շոգեկառքով կը ճամբորդեն, ճամբու դժուարութեանց չենթարկուելու մտադրութեամբ:

Արաբ Բունարի մէջ բնակութիւն հաստատած են 185 հայ լուսաւորչական ընտանիքներ, 5 տուն հայ կաթոլիկներ, 18 տուն սուրիան օրթոտոքսներ, որոնց թիւը նախապէս 70-ի կը հասնէր, սակայն գաղթած են դէպի մեծ կեդրոններ, մեծամասնութեամբ` Հալէպ: Կան երեք տուն սուրիան կաթոլիկ եւ 1000 տունէ աւելի ալ քիւրտեր: Ասոնցմէ զատ 400 գիւղերու բնակիչները այս գիւղաքաղաքին կապուած ըլլալով, իրենց առեւտուրը եւ պետական գործերը հոս է որ կը կատարեն:

Արաբ Բունարի ժողովուրդը ջրհորի ջուր կը գործածէ իր բնական պէտքերուն համար: Անօրինակ տաքին պատճառաւ, կարգ մը թաղամասերու ջրհորները գրեթէ ցամքած եւ աղի համ տալ սկսած են: Գիւղաքաղաքին խիստ մօտիկը Այն-Արուսի լճակէն մեծ լճակ մը կայ, որ գոյացած է տեղւոյն վրայ բխող ակերէն: Իսկ հարաւային մասին վրայ, բլրակի մը կողին, ջինջ ու պաղպաջուն ջուրերով աղբիւր մը կը ցայտէ: Այս ջուրը եթէ խողովակներով բերուի եւ ժողովուրդին բաժնուի, մեծ բարիք մը կատարուած կ՛ըլլայ, բնակչութիւնը ձերբազատելով մալարիայի վտանգէն:

Գիւղաքաղաքը օժտուած չէ ելեկտրականութեամբ, տեղւոյն վրայ շինուած է սառի գործարան մը: Գիւղաքաղաքի շրջակայքը, քրտաբնակ գիւղերու մէջ, բանջարեղէնի մշակութիւնը չափազանց զարգացած է, ամենաընտիր լոլիկը կը գտնուի այս շրջանին մէջ, Ռաքքայէն մինչեւ Թէլ-Ապիատ եւ Հալէպ Արաբ Բունարի լոլիկն է որ կ՛արտածուի, ոչ միայն առօրեայ ուտելիքի համար, այլ նաեւ` ձմեռուան պարէնի համար: Ամէն օր նոր նոր ճամբորդներ հոն կը հասնին, լոլիկի ջուր հանելու: Հոս կը մշակուի նաեւ այգի, սեխ, ձմերուկ եւ այլ բանջարեղէններ: Կաթ, իւղ ու պանիր շատ առատ եւ աժան են:

Արաբ Բունարի հայ բնակչութեան մէջ հայրենակցական միութիւն գոյութիւն չունի, բացի Կարմուճցիներու նորակազմ հայրենակցական միութենէն, որ այժմ 40 անդամ ունի: Հայ համայնքի մեծամասնութիւնը կարմուճցիներէ կը բաղկանայ, կան նաեւ ուրֆացիներ, տիգրանակերտցիներ, պէրէճիկցիներ, մի քանի այնթապցի ընտանիքներ ու Պէսի քրտախօս հայեր:

Հայերը կը զբաղին վաճառականութեամբ ու փոքր առեւտուրով, կան նաեւ արհեստաւորներ, գործաւորներ, փերեզակներ ու խանութպաններ: Կայ հայ բժիշկ մը: Հոս դեղարան չկայ. հիւանդները ստիպուած են կամ բժիշկներէն դեղ գնել կամ Հալէպէն բերել տալ:

Մասնաւորապէս հայ բնակչութեան տնտեսական վիճակը, բաղդատմամբ վաղեմի կացութեան հետ, այնքան ալ նախանձելի երեւոյթ մը չի պարզեր, ընկճուած ըլլալու տպաւորութիւնը կը ձգէ, մանաւանդ ցորենի առեւտուրի կայունութեան պատճառաւ:

Շատ քիչ են մշակութեան յատուկ գործիքներն ու մեքենաները. կան քանի մը թրաքթէօրներ եւ բաթէօզներ, որոնք 2-3 տարիէ ի վեր սկսած են հողը վարել եւ ցանքը քաղել, մշակութեան նախնական ձեւը փոխարինելով:

ՀՄԸՄ-ը ունի 50 անդամ, բուն գործունէութիւնը ձմրան կը սկսի, որովհետեւ այդ եղանակին է որ երիտասարդութիւնը կը վերադառնայ դաշտային իր աշխատանքէն: Օգնութեան խաչը 110 անդամուհիներէ կը բաղկանայ, շատ բուռն գործունէութիւն մը կը ցուցաբերէ այս շրջանին մէջ, ոչ մէկ եկամուտ ունի, բացի անդամուհիներու վճարած ցենզերէն, բայց հակառակ ասոր իր պիւտճէն կը հաւասարակշռէ, ոչ միայն չքաւոր հիւանդներու դեղօրայքին, այլ նաեւ աղքատ ընտանիքներուն պէտքերուն կը հասնին, կարեւոր նպաստներ յատկացնելով: Ազգային վարժարանի մէջ կը պահեն 15 սան-սանուհիներ, ամէն տարի վճարելով 325 ս. ոսկի: Հաստատուած է դարմանատուն մը, հայ թէ օտարներ խնամելով անխտիր: Տարին երկու անգամ աղքատներուն կը բաժնեն քինին, մալարիայի ասեղներ եւ այլ պիտանի դեղեր: Դարմանատան մէջ կը խնամուին աչքի ցաւ ունեցողները, որ այս շրջանին մէջ, փոշիի պատճառաւ ընդհանրացած երեւոյթ մըն է:

Այս շրջանին մէջ երկու հայ վարժարաններ գոյութիւն ունին փոքր համայնքի մը համար, մին Ազգային իշխանութեան ենթակայ է, իսկ միւսը` ՀԲԸՄ-ի: Առաջինը ունի 120 երկսեռ աշակերտութիւն, եկեղեցիի կից: Նախակրթարանը կը բաղկանայ 5 դասարաններէ: Ե. դասարանէն վկայական կ՛առնեն: Հոգաբարձութիւնը ամէն տարի նորոգութեան համար կարեւոր գումարներ կը յատկացնէ: Երկու դասարան փլած ըլլալով, նորը կը կառուցանէ: Հինգ կարգի համար 4 դասարաններ գոյութիւն ունին, 4-րդ ու 5-րդը միեւնոյն դասարանի մէջ կ՛ուսանին, իսկ մանկապարտէզի 4 դասարանները, ծիլէն մինչեւ ծաղիկ, միեւնոյն սենեակի մէջ կ՛ուսանին, ամենամեծ անպատեհութիւնը ներկայացնելով կրթական եւ մանկավարժական տեսակէտէ: Գրասեղան գրեթէ գոյութիւն չունի, եղածներն ալ անգործածելի վիճակի մէջ են:

Այս վարժարանին մէջ կը պաշտօնավարեն 5 կրթական մշակներ, բացի արաբերէնի ուսուցչէն, որը ձրիօրէն կը տրամադրուի կրթական նախարարութեան կողմէ: Պիւտճէն 5000 ս. ոսկիի բարձրացած է: 1300 ս. ոսկին վճարած է Ուսումնական Խորհուրդը, 300 ս. ո. կը վճարէ պետութիւնը, 325 ս. ո. Օգն. Խաչը, 2000 ս. ո. կը գանձուի աշակերտութենէ, իսկ մնացածն ալ կը գոյանայ զանազան ձեռնարկներէ:

ՀԲԸՄ-ի բացած դպրոցը ունի մօտ 100 երկսեռ աշակերտութիւն կրթական 4 պաշտօնեաներով, մաարիֆն ալ կը տրամադրէ արաբերէնի ուսուցիչ մը: Աշակերտներու ծնողները շատ քիչ կը վճարեն, գրեթէ ձրի կը կարդան չքաւոր աշակերտները, միայն ի վիճակի եղողներէն կը գանձուի չնչին գումար մը:

Տերպեսիէ

Ճեզիրէի տափաստանները

Տերպեսիէ գիւղաքաղաք մըն է, Ամուտայի եւ Ռաս Իւլ Այնի միջեւ, իւրաքանչիւրէն 50-ական քիլոմեթր հեռու, Թուրքիոյ սահմանակից ընդարձակ դաշտագետնի վրայ: Վազող ջուրեր եւ աղբիւրներ գոյութիւն չունին, որպէս ըմպելի կը գործածեն ջրհորներու ջուրերը, որոնք միեւնոյն ատեն կ՛օգտագործուին պարտէզներու ոռոգման համար ալ: Գիւղաքաղաքի բոլոր տուները հողաշէն աղիւսներով կառուցուած են, ունենալով իրենց շրջափակ պատերն ու մասնաւոր բացուած ջրհորները:

Օդն ու ջուրը տանելի պիտի ըլլային եթէ տօթակէզ ամառներն ու մանաւանդ փոշիները չըլլային, որոնք մեծապէս կը վնասեն ժողովուրդի առողջութեան:

Հոս հաստատուած են 85 հայ ընտանիքներ, որոնք եկած են զանազան քաղաքներէ. Տիգրանակերտէն, Ուրֆայէն, Կարմուճէն, Հայնիէն, Էրզրումէն եւ Մարտինէն: Կան նաեւ քրտախօս հայեր:

Գիւղաքաղաքին մնացեալ բնակիչներն են` սուրիանիներ, սուրիան կաթոլիկներ, քիւրտեր եւ արաբներ: Գիւղաքաղաքի մեծամասնութիւնը, մանաւանդ շրջակայ գիւղերու եւ աւաններու բնակչութիւնը քիւրտ ժողովուրդէ կը բաղկանայ, եւ որոնց առօրեայ զբաղումներուն առանցքը կը կազմէ նախ երկրագործութիւնը, ապա պարտիզպանութիւնը: Կան նաեւ խաշնարածներ եւ արհեստաւորներ: Ահա այս պատճառաւ ալ առատ բանջարեղէն եւ իւղ կ՛արտադրէ:

Երբ գիւղը պտտիս, իւրաքանչիւր բակի մէջ կը նշմարես ցորենի ահագին դէզեր, առանց նկատի առնելու փողոցներու վրայ կուտակուած հազարաւոր պարկերը, որոնք կը սպասեն վաճառականներու այցելութեան, որպէսզի ղրկուին առեւտրական կեդրոններ: Շուկայի վրայ վաճառքի առարկայ դարձած են միայն բանջարեղէնն ու կաթնեղէն արտադրութիւնները, այդ ալ գրեթէ ապառիկ, դժուարացնելով ժողովուրդի առօրեայ կեանքի հետ առնչութիւն ունեցող գործառնութեանց ընթացքը:

Ահա թէ ինչու ժողովուրդը բարոյալքուած ըլլալ կը թուի, ապագայի համար կազմուած հեռանկարի փճացումովը:

Որպէս տեղական արտադրութիւն` կան սեխ եւ ձմերուկ, իսկ պտուղի որեւէ տեսակ կարելի չէ գտնել, պարտիզամշակութեան մասին հեռաւոր գաղափար իսկ չունենալնուն պատճառաւ. բոլոր պտուղներն ալ կը ներածուին հեռաւոր քաղաքներէ:

Կաթն ու մածունը շատ աժան են, իւղի քիլոն կ՛արժէ 4 ս. ոսկի, իսկ պանիրինը` 2 ս. ոսկի:

Հայերը կը զբաղին փոքր առեւտուրով, երկրագործութեամբ եւ զանազան արհեստներով, ընդհանրապէս բարեկեցիկ են, եթէ հաշուի չառնենք մի քանի աղքատները: Սակայն բաւական ընկճուած են ցորենի առեւտուրի կայունութեան պատճառաւ:

Ամբողջ երիտասարդութիւնը մեկնած է գիւղէն թրաքթէօրի աշխատանքով օրապահիկ շահելու յոյսով. ոմանք, մանաւանդ տնտեսական ապահով վիճակ ունեցողները, մեկնած են Հալէպ, մեքենագիտական արհեստը սորվելու մտադրութեամբ, այս պատճառաւ ալ ՀՄԸՄ-ը նախանձելի գործունէութիւն ունենալէ շատ հեռու կը մնայ, գրեթէ քայքայուած վիճակի մը մէջ ձգելով երբեմնի այդ կենսունակ մարզական միութիւնը: Ֆութպոլի երրորդական խումբը կրնայ իր գոյութիւնը զգալի դարձնել ձմեռ ատեն միայն, երբ դաշտային աշխատանքները դադրած կ՛ըլլան արդէն:

Ազգ. տեսակէտէ այնքան փայլուն չէ, ճիշդ Այն Արուսի նման, տրուած ըլլալով որ ղեկավար տարրերը գրեթէ այդ հարցով զբաղուելու ժամանակ չունին, առօրեայ գործերով կլանուած ըլլալով իրենց օրերը: Ասոր ապացոյց կարելի է նկատել եկեղեցիի չգոյութիւնը եւ դպրոցներու խեղճուկ վիճակը: Տասնեակ տարիներէ ի վեր կարելի էր եկեղեցի մը կառուցանել, քահանայի մը ապրուստը ապահովելով, բայց այդ մասին կը թուի մտածելու իսկ առիթ չեն ունեցած: Ազգ. վարժարանը ունի 40 երկսեռ աշակերտ, երեք կրթական մշակներու խնամքին տակ, իսկ Կիլիկեան նախակրթարանը` 60, նոյնքան թիւով ուսուցիչ-ուսուցչուհիներով: Մուարիֆը իւրաքանչիւրին համար կը տրամադրէ արաբերէնի ուսուցիչ մը, իսկ հոգաբարձութիւնն ալ մէյ մէկ օրիորդ վարձած է արաբերէն լեզուի զօրացման համար:

Առաջինը 3000 ս. ոսկի պիւտճէ մը ունի, որուն հազիւ 300-400-ը կը գանձուի աշակերտներու ծնողներէն, իսկ մնացած բացը կը գոցուի տեղական Օգն. Խաչի, Ուսումնական խորհուրդի եւ Շրջ. Վարչութեան կողմէ: Իսկ Կիլիկեան վարժարանը կ՛օգտուի Բարեգործականի գանձէն, լաւապէս վարձատրելով կրթական մշակները: Եկեղեցական արարողութեան եւ հոգեւոր պէտքերու համար կ՛այցելէ Հասաքէի քահանան եւ բաւարարութիւն կու տայ այս մարզին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES