«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՔԼԻՆԹԸՆ

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ  Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու համար ռազմավարական նշանակութիւն ունին:

«Մենք միասին կ՛աշխատինք երկկողմ, շրջանային եւ նոյնիսկ համաշխարհային հարցերու ուղղութեամբ», ըսած է Քլինթըն: Ան նաեւ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ իրենց թափած աշխատանքները:

3 յունիսին տեղի ունեցած հանդիպումէն առաջ Քլինթըն յայտարարած է, որ  «Միացեալ Նահանգներն ու Ազրպէյճանը հաւատարիմ են ղարաբաղեան հարցի լուծման աշխատանքներուն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդութեամբ շարունակման»: Մամետեարով իր կարգին Քլինթընին երախտագիտութիւն յայտնած է շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման փորձերու` մասնաւորաբար ղարաբաղեան տագնապի լուծման աջակցելուն համար: «Նախարարներու վերջին յայտարարութիւնը կը վկայէ, թէ անլոյծ տագնապը կը գտնուի միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնը», ըսած է ան:

Նշենք, որ 25 յունիսին Քազանի մէջ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում մը կը նախատեսուի:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES