ՄԻՆՉ ՍԱԼԵՀ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ԴԱՐՄԱՆՈՒԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՈՐԴԻՆ ԿԸ ՂԵԿԱՎԱՐԷ ԵՄԷՆԸ

Ցուցարարները կը տօնեն Սալեհի հեռացումը

Եմէնեան նախագահութեան մօտիկ աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի որդի, Հանրապետական պահակագունդի հրամանատար Ահմետ Ապտալլա Սալեհ կը գտնուի նախագահական պալատին մէջ, իսկ Եմէնի փոխնախագահ Ապտ Ռապպօ Մանսուր, որ սկզբունքով պէտք էր նախագահին բացակայութեան ստանձնէր երկրին ղեկավարութիւնը, կը գտնուի իր տան մէջ: Սանաայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը երէկ Մանսուրի հետ հանդիպում մը ունեցաւ:

Շաբաթ երեկոյեան Մանսուրի եւ Սալեհի զինեալ ուժերուն մէջ բարձրաստիճան պաշտօններ ունեցող որդիներուն, եղբայրներուն եւ եղբօրորդիներուն միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցած է:

Մինչ եմէնեան ընդդիմութիւնը յայտարարեց, որ իր ամբողջ ուժով պիտի պայքարի Սալեհի Եմէն վերադարձին արգելք հանդիսանալու համար, իշխող կուսակցութենէն բանբեր մը յայտնեց, որ  Սալեհ «քանի մը օրէն» Եմէն պիտի վերադառնայ:

Բժշկական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սալեհ կիրակի օր սէուտական բժշկական կեդրոնի մը մէջ մարմինէն ռումբի բեկորներու դուրս բերման վիրահատութեան ենթարկուած է, իսկ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Պի.Պի.Սի.»ին յայտնեցին, որ անոր վէրքերը սրտին մօտ են, իսկ դէմքի եւ կուրծքի շրջանին մէջ 2-րդ աստիճանի այրուածքներ ունի: Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւր մը «Սի.Էն.Էն.»ին յայտնեց, որ Սալեհ «ուղեղի եւ ջիղերու» վիրաբուժութեան ենթարկուած է:

Եմէնեան բանակը Քայիտան ամբաստանեց նախագահական պալատի ռմբակոծման ետին կանգնելու յանցանքով:

Միւս կողմէ, ըստ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի  կայանին, յանուն Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին Եմէնի տագնապի լուծման սէուտական միջնորդութեան մը շուրջ շշուկներ կը շրջին:

Բազմահազար ցուցարարներ երէկ Սանաայի մէջ Սալեհի երկրէն հեռանալուն առիթով տօնախմբութեան հաւաք մը կատարեցին: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, Սալեհի մեկնումէն ետք ցուցարարներուն թիւը նկատառելի աճ արձանագրած է:

 

Share this Article
CATEGORIES