ԼԱՒՐՈՎ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԸ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱՑՆԵԼ ՓՈՐՁԵԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով արեւմտեան պետութիւնները ամբաստանեց Սուրիոյ տագնապը միջազգայնացնել փորձելու յանցանքով: Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան համաձայն ան յայտնեց, որ     «մենք արեւմտեան կարգ մը կողմերու` Սուրիոյ      տագնապին միջազգայնացման կառչելնուն նկատմամբ մտահոգ ենք»: Ան զգուշացուց, որ այս կամ այն երկրին մէջ տագնապը քաղաքականացնելը առնչակից կողմերը միայն իրենց կեցուածքները կարծրացնելու կը մղէ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը կոչ ուղղեց շրջանին մէջ բոլոր երկիրներու դժուար կացութեանց նկատմամբ միատեսակ չափանիշեր որդեգրելու:

Միւս կողմէ, «Շարք Աուսաթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ ազդեցիկ քրտական կուսակցութիւններ դրական կերպով ընկալած են Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի երկխօսութեան հրաւէրը:

Քրտական ձախակողմեան կուսակցութեան ղեկավարներէն Շալլալ Քտտօ յայտնած է, որ քրտական արգիլեալ 12 կուսակցութիւններ անցեալ շաբաթավերջին կառավարական եւ ոչ թէ ապահովական խողովակներու ճամբով Դամասկոսի մէջ երկխօսութեան հրաւէրը ստացած են: Հրաւէրը քրտական կուսակցութեանց փոխանցած է Հասաքէի կառավարիչը: Քրտական կուսակցութիւնները Գամիշլիի մէջ ժողով մը գումարելով միացեալ կեցուածք որդեգրած են եւ դրական պատասխան մը տուած են այս շաբթուան վերջաւորութեան նախատեսուած հանդիպումի հրաւէրին:

Share this Article
CATEGORIES