ԱՅՍՕՐ` «ՎԷՐՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ»Ի ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ
Այսօր երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» գիրքին նոր հրատարակութեան շնորհահանդէսը: Հրատարակութեան ձեռնարկած է ՀԱՅՈԳԻ մատենաշարը: Ձեռնարկը կը կազմակերպուի համատեղ` Հայոգի մատենաշարի, Համազգայինի հրատարակչատան եւ «Ազդակ» օրաթերթի կողմէ: Գիրքին արեւմտահայերէնի վերածումը կատարած է տոքթ. Արմենակ Եղիայեան: Այս առիթով Երեւանէն Լիբանան ժամանած է հայրենի գրականագէտ, արուեստաբան փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան:
Այս առիթով եւ քաջալերելու համար գիրքին ընթերցանութիւնը, կազմակերպուած է նաեւ յատուկ մրցանք եւ նշանակուած` դատակազմ: ՀԱՅՈԳԻ մատենաշարը յատկացուցած է նիւթական պարգեւներ: Մրցանքին մանրամասնութիւնները կը յայտարարուին այսօրուան շնորհահանդէսին ընթացքին:
CATEGORIES Գաղութային