ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 250 ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԵՐԳԵՑՈՂՈՒԹԵԱՄԲ Բ. ԿԱՆԱՉԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 125-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՄԲԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Համերգին մասնակցող դպրոցական երգչախումբերուն անդամները` իրենց ուսուցիչներուն հետ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` կիրակի, 5 յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Յովհաննէս  Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ անուանի երաժշտահան Բարսեղ Կանաչեանի ծննդեան 125-ամեակին նուիրուած միջդպրոցական երգչախմբային փառատօնը` մասնակցութեամբ տասը հայկական վարժարաններու եւ ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, արուեստասէրներու, արուեստագէտներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Հանդիսութեան բացման խօսքը կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով արտասանեց Սօսի Պալեան, որ նշեց, թէ երգչախումբերը իրենց ներդրումը կ’ունենան հայ երաժշտութեան, ընկերային եւ հոգեւոր դաստիարակութեան կազմաւորման մէջ, ինչ որ կը նպաստէ մշակութային արժէքներու պահպանման աշխատանքին: Պալեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, որոնք ընդառաջեցին հրաւէրին: Սօսի Պալեան յայտնեց, որ Բարսեղ Կանաչեանի ծննդեան 125-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ նոյեմբերին:

Համերգին ներկաները

Ապա հերթաբար բեմ բարձրացան հայկական տասը վարժարաններու երգչախումբերը` ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն եւ դաշնակահարներուն: Իւրաքանչիւր խումբ երգեց Կանաչեանի մանկապատանեկան երգերէն երկուքը: Երգչախումբերուն կատարումները արժանացան ներկաներու գնահատանքին:

Դպրոցներու երգչախումբերուն երգեցողութենէն ետք խօսք առաւ Զաքար Քէշիշեան, որ ըսաւ, թէ Բարսեղ Կանաչեան իր ամբողջ կեանքը նուիրեց  հայ երգին եւ երբեք չմոռցաւ մանուկները` անոնց համար ստեղծելով 19 գեղեցիկ երգեր: Քէշիշեան նշեց, որ տեղական երգչախումբերուն մէջ այս մակարդակով երգչախումբեր գոյութիւն չունին, եւ յստակ է, որ բոլոր մասնակից դպրոցները գուրգուրանքով հետեւած են այս աշխատանքին: Քէշիշեան հաստատեց, որ հայ աշակերտը հայ երգ եւ մշակոյթ կրնայ սորվիլ միայն հայկական վարժարաններուն մէջ, մանաւանդ երբ այս երգչախումբերը նման նուիրեալ ուսուցիչներ ունին:

Իր կարգին խօսք առաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Արմէն Քեչեկ, որ յոյս յայտնեց, որ այս նախաձեռնութիւնը  դառնայ աւանդութիւն, քանի որ էապէս կը ծառայէ իր նպատակին եւ կը ստեղծէ մեծ խանդավառութիւն:

Հանդիսութեան աւարտին տասը երգչախումբերը միասնաբար երգեցին Մուշեղ Իշխանի «Դպրոցական քայլերգը»` ղեկավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Արմէն Քեչեկի:

Յայտնենք, որ համերգին հերթաբար իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ վարժարանները`

– Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարան (Ուսուցիչ`  Նեկտար Թիւմպերեան)
– Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան (Ուսուցիչ`  Մարիա Գալֆայեան)
– Հայ աւետարանական Թորոսեան Վարժարան (Ուսուցիչ`  Նեկտար Թիւմպերեան)
– Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարան (Ուսուցիչ` Սօսի Ապուհանեան)
– Հայ աւետարանական քոլեճ (Ուսուցիչ` Նեկտար Թիւմպերեան)
– Ազգային Աքսոր Գասարճեան  վարժարան (Ուսուցիչ` Գայեանէ Մարկոսեան)
– Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ (Ուսուցիչ` Սեւան Հապիպ)
– Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան  քոլեճ (Ուսուցիչ` Գայեանէ Մարկոսեան)
– Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան (Ուսուցիչ` Լիանա Աշգարեան)
– Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան (Ուսուցիչ` Շողիկ Թորոսեան)

 

Share this Article
CATEGORIES