«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»Ի ՍՓՌՈՒՄԻ ՆՈՐ ԳՈՐԾԻՔ` ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ

30 մարտ 2011-ին տեղի ունեցած «Վանայ Ձայն»ի ռատիոթոնին ընթացքին հաւաքուած էր շուրջ 70 հազար տոլար: Սոյն ռատիոթոնը կը նպատակադրէր Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ «Վանայ Ձայն»ի սփռումի բարելաւումը եւ սարքերու արդիականացումը:

Յայտնենք, որ այս ծրագիրին առաջին հանգրուանը արդէն իսկ ամբողջացած է: Պեքաայի շրջանին մէջ «Վանայ Ձայն»ի սփռումը յստակ դարձնելու նպատակով Այնճարի մէջ զետեղուած է սփռումի նոր գործիք մը:

Ծրագիրին երկրորդ հանգրուանը պիտի իրագործուի մինչեւ յունիսի վերջ` «Վանայ Ձայն»ի սփռումը բարելաւելու համար նաեւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES