Արտասահմանցին Վրդոված Է Իր Անունը Պաքուի «Սեւ Ցանկ»-ին Վրայ Չընդգրկուելուն Համար
Եոնաս Հոլանտեր անունով ստորագրող մը Դիմատետրի իր էջին վրայ անգլերէն գրութեամբ դիմած է Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ իր հիասթափութիւնը, աւելի՛ն, վիրաւորանքը յայտնած է, որ իր անունը ընդգրկուած չէ այդ երկրի սեւ ցանկին վրայ, ուր Լեռնային Ղարաբաղ այցելած օտարներուն անունները ներառուած են:
Ապացուցելու համար, որ ինք լիովին արժանի է այդ ցանկին մէջ ըլլալու, Հոլանտեր գրութեան կցած է նախորդ տարուան օգոստոս-սեպտեմբերի իր արցախեան վիզային պատճէնը:
Նշենք, որ ընկերային ցանցին վրայ յատուկ խումբ ստեղծուած է եւ անիկա կը կոչուի «Մենք այցելած ենք Արցախ` առանց «թոյլտուութեան»: Էջի նկարագրութեան մէջ նշուած է, որ անիկա ստեղծուած է Արցախին աջակցելու նպատակով եւ ուղերձ է Ազրպէյճանին այն մասին, որ Արցախ այցելած եւ այցելել պատրաստուող մարդոց երբեք չեն մտահոգեր Պաքուի սպառնալիքները:

