«Ֆորպզ» Կը Հրապարակէ 2013-ի Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Վարձատրուող Գրողներու Ցանկը
Հեղինակաւոր «Ֆորպզ» պարբերաթերթը հրապարակեց աշխարհի ամէնէն բարձր վարձատրուող գրողներու վարկանիշային ցանկը, որ կը գլխաւորէ պեսթսելըրի` «Մոխրագոյնի 50 երանգները» գիրքի հեղինակ Ի.Էլ.Ճէյմս:
1) Ի. Էլ. Ճէյմս (եկամուտը` 95 միլիոն տոլար)
Տարուան գլխաւոր պեսթսելըր «Մոխրագոյնի 50 երանգները» հասունցած է Ճէյմսի` վերջին տարիներու մէջ այլ առեւտրական յաջողութեան` «Մթնշաղ»-ի վրայ հիմնուած գրական փորձերէն: Քննադատները վստահ են, որ Ճէյմսի երեւոյթը անկարելի պիտի ըլլար առանց ելեկտրոնային գիրքերու տարածման:
2) Ճէյմս Փաթերսըն (եկամուտը` 91 միլիոն տոլար).-
Իր առաջին գիրքը Փաթերսըն հրատարակած է 1973-ին եւ այդ ժամանակէն ի վեր անփոփոխ կը մնայ Միացեալ Նահանգներու ամէնէն շատ վաճառուող հեղինակներու ցուցակի յառաջատար դիրքերուն վրայ: Անոր գրած հոգեբան-խորհրդական Ալեքս Քրոսը վերջին քսան տարիներուն ընթացքին կը շարունակէ մնալ ամերիկացիներու ամէնէն ծանօթ գրական կերպարը:
3) Սիւզըն Քոլինզ (եկամուտը` 55 միլիոն տոլար).-
«Քաղցած խաղեր» գիրքի հեղինակը արագօրէն յայտնուած է ամերիկեան զանգուածային գրականութեան բարձրագոյն լիկային մէջ` շնորհիւ եռապատման առաջին մասին շարժանկարի վերածուելուն:
4) Պիլ Օ՛Ռայլի (եկամուտը` 28 միլիոն տոլար).-
«Ֆոքս Նիուզ»-ի յայտնի հաղորդավարը հեղինակն է «Լինքըլնի սպանութիւնը» եւ «Քենետիի սպանութիւնը» գիրքերուն, որոնք արդէն հասցուցած են ըլլալ Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր պեսթսելըրներու ցուցակի յառաջատար դիրքերուն վրայ: Իսկ ահա սեպտեմբերին լոյս պիտի տեսնէ հեղինակին նոր գործը` «Յիսուսի սպանութիւնը»:
5) Տանիել Սթիլ (եկամուտը` 26 միլիոն տոլար).-
Իր ասպարէզի 40 տարուան ընթացքին Սթիլ հրատարակած է շուրջ 128 գիրքեր, որոնց հիմնական մասը կիներուն համար վէպեր են, սակայն կայ նաեւ մանկական գրականութիւն եւ նոյնիսկ` բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյ:
6) Ճեֆ Քինի (եկամուտը` 24 միլիոն տոլար).-
«Թուլամորթի օրագիրը» մանկական գիրքի հեղինակը արդէն 7 գիրք գրած է աշակերտներ Կրեկ Հաֆլիի եւ Ռոուլի Ճեֆըրսընի արկածախնդրութեանց մասին, իսկ նոյեմբերին լոյս պիտի տեսնէ 8-րդ գիրքը:
7) Նորա Ռապըրց (եկամուտը` 23 միլիոն տոլար).-
Սիրային եւ ոստիկանական վէպերու հեղինակը 2012-ին վաճառած է իր գիրքերու աւելի շատ թուայնացած կրկնօրինակներ, քան տուեալ ցուցակէն որեւէ մէկ այլ հեղինակ:
8) Տեն Պրաուն (եկամուտը` 22 միլիոն տոլար).-
Պրաունի` փրոֆեսէօր Ռապըրթ Լենկտոնի արկածախնդրութեանց մասին պատմող 3-րդ «Ինֆեռնօ» վէպը համաշխարհային գլխաւոր պեսթսելըր նկատուեցաւ 2013-ի առաջին կիսուն: Գիրքը վաճառուած է 369 հազար օրինակով:
10) Սթիվըն Քինկ (եկամուտը` 20 միլիոն տոլար).-
Նախորդ տարի Քինկ դարձած է Սթիվըն Սփիլպըրկի յայտնի «Գմբէթի տակ» ֆիլմաշարի բեմագիրը, իսկ հեղինակի տաղանդի երկրպագուները անհամբերութեամբ կը սպասեն սեպտեմբերի վերջաւորութեան յայտնի «Փայլատակում» գիրքի շարունակութեան հրատարակման:


