Զիմպապուէի Նախագահը Իր Վերընտրութիւնը Չընդունողներուն Կ՛առաջարկէ Անձնասպանութիւն Գործել

Ռոպերթ Մուկապէ

«Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Զիմպապուէի վերընտրուած նախագահ Ռոպերթ Մուկապէ յայտնած է, որ Արեւմուտքն ու իր քաղաքական ընդդիմադիրները կրնան անձնասպանութիւն գործել, եթէ չեն կրնար իր վերընտրուելու փաստը ընդունիլ:

«Անոնք, որոնք չեն մարսեր պարտութիւնը, կրնան անձնասպանութիւն գործել: Նոյնիսկ շուները անոնց դիակները պիտի չհոտոտան», ըսած է 89-ամեայ Մուկապէ:

31 յուլիսին ան քուէներուն 61 առ հարիւրը ապահովելով յաղթած էր վարչապետ Ցուանկիրային, որ վիճարկած էր ընտրութեան արդիւնքները:

Արեւմուտքն ու Միացեալ Նահանգները այս վերընտրութեան առիթով իրենց մտահոգութիւնը յայտնած էին` յայտնելով, որ «Զիմպապուէն պէտք չէ երկրորդ Չիլի դառնայ»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )