Պարզանի Սուրիոյ Մէջ Քիւրտերու Ցեղասպանութեան Հետաքննութեան Պատուիրակութիւն Մը Կ՛ուղարկէ
«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջանային կառավարութեան նախագահ Մասուտ Պարզանի խումբ մը ներկայացուցիչներ ուղարկած է Սուրիա` հետաքննելու համար այն տեղեկութիւնները, թէ Քայիտայի առնչուած զինեալ խմբաւորումներ Սուրիոյ մէջ քիւրտ բնակչութիւնը թիրախ կը դարձնեն:
Քրտական ազգային խորհրդաժողովը որդեգրած է այդպիսի յանձնախումբ մը կազմելու Պարզանիի առաջարկը:
Խորհրդաժողովին անդամ եղող քրտական աղբիւր մը հիւսիսային իրաքեան «Ռուտաու» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ պատուիրակութիւնը մօտ օրէն Սուրիա պիտի ուղարկուի:
24 օգոստոսին նախատեսուած քրտական ազգային խորհրդաժողովին պատրաստութեամբ զբաղող յանձնախումբին ուղղուած նամակին մէջ Պարզանի պահանջած է ստուգել մամլոյ այն տեղեկութիւնները, թէ քիւրտ քաղաքայիններ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ կանոնաւոր կերպով յարձակումի կ՛ենթարկուին:
«Եթէ տեղեկութիւնները ճիշդ են եւ ցոյց կու տան, թէ քաղաքայիններ, անմեղ քիւրտերու կիներ եւ մանուկներ սպաննուելու եւ ահաբեկչութեան վտանգի տակ են, ապա Իրաքի քրտական շրջանը իր բոլոր միջոցները պիտի օգտագործէ կիները, մանուկներն ու անմեղ քաղաքացիները պաշտպանելու համար», գրած է Պարզանի:
Բայց եւ այնպէս, հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմ յայտնեց, որ ինք քրտական շրջանները պաշտպանելու բաւարար ուժեր ունի եւ արտաքին ուժերէ օգնութեան կարիք չունի:
«Չենք ուզեր, որ որեւէ այլ կողմ սուրիական Քիւրտիստան գայ Ժապհաթ Նուսրայի դէմ կռուելու: Եթէ քրտական այլ կուսակցութիւններ կ՛ուզեն օգնել, անոնք պէտք է մեզի զինամթերք, զէնքեր, սննդեղէն եւ հագուստներ ուղարկեն», ըսաւ Մուսլիմ:
«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Ֆիթրի տօնին աւարտէն ետք, Հասաքէ նահանգի Ռասուլ Այն քաղաքին մէջ քիւրտերու եւ իսլամական ծայրայեղականներու միջեւ բախումները երկուշաբթի օր վերսկսած են: