Այսօր Պաղեստինեւիսրայէլեան Բանակցութիւնները Կը Վերսկսին. «Միացեալ Նահանգներ Բնակեցման Բոլոր Վայրերը Ապօրինի Կը Նկատեն» Ըսաւ Քերրի
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի պաղեստինեան հողամասերուն վրայ գտնուող իսրայէլեան բնակեցման վայրերու հարցը շուտով լուծելու կարեւորութիւնը նշեց:
Քերրի Պոկոթայի մէջ իր քոլոմպիացի պաշտօնակից Մարիա Անճելա Հոլկուինի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ բնակեցման բոլոր վայրերը «ապօրինի» կը նկատեն` աւելցնելով, որ ինք Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ քննարկումներ կատարած է եւ անոր առջեւ այս կեցուածքը շատ յստակ կերպով կրկնած:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Արեւելեան Երուսաղէմի եւ բռնագրաւուած Այսրյորդանանի բնակեցման վայրերուն մէջ բնակեցման նոր համալիրեր կառուցելու Իսրայէլի յայտարարութիւնը որոշ չափով նախատեսելի էր:
Ան յայտնեց այն կարծիքը, որ այդ քայլը այսօր վերսկսող պաղեստինեւիսրայէլեան խաղաղութեան բանակցութեանց առջեւ արգելք մը պիտի չըլլայ:
Քերրի պաղեստինցիներուն կոչ ուղղեց Իսրայէլի յայտարարութեան ժխտական կերպով չհակադարձելու` շեշտելով, որ «անհրաժեշտ է արագ կերպով բանակցութեան սեղան վերադառնալ»:
Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) գործադիր մարմինի քարտուղար Եասեր Ապտ Ռապօ յայտնեց, որ իսրայէլեան բնակեցման վայրերու «աննախադէպ» ընդլայնումը «կը սպառնայ բանակցութիւնները տապալել»:
Այսօր նախատեսուած պաղեստինեւիսրայէլեան բանակցութեանց նախօրեակին Իսլամական Ժիհատ շարժումը յայտարարեց, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Իսրայէլի հետ խաղաղութեան բանակցութիւն կատարելու լիազօրութիւն չունի:
Շարժումի բանբեր Տաուտ Շահապ յայտնեց, որ «Ժիհատը կը մերժէ բանակցութիւնները եւ զանոնք ապօրինի, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան դատը սպաննելու ծածկոյթ մը կը նկատէ»: Ան հերքեց, թէ Իսլամական ժիհատը ոեւէ մէկը լիազօրած է Իսրայէլի հետ բանակցելու: «Ատիկա շարժումին երթին ու տեսլականին կը հակասէ», ըսաւ ան:
«(Պաղեստինեան) ազգային համաձայնութեան նախանձախնդիր ըլլալը երբեք ազգային սկզբունքներուն ձեռք տալ չի նշանակեր», շեշտեց Շահապ:


