Իսլամական Հանրապետութեան Մէջ Նախադէպ Մը. Ռուհանի Կին Մը Փոխնախագահ Կը Նշանակէ
Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի նոր նախագահ Հասան Ռուհանի հրամանագիր մը հրապարակելով օրէնսդրական հարցերով փոխնախագահ նշանակած է Իլհամ Ամինզատէն, որ նախապէս Իրանի խորհրդարանի ազգային ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնախումբի անդամ էր:
Ամինզատէ Թեհրանի համալսարանի իրաւաբանութեան կաճառի դասախօս է:
Ռուհանիի հրամանագիրին շնորհիւ ան իրանցի առաջին կինը եղաւ, որ բարձրաստիճան այս պաշտօնը կը ստանձնէ:
Ռուհանի իր հրամանագիրին մէջ յայտնեց, որ ինք Ամինզատէն ընտրած է, որովհետեւ ան անհրաժեշտ գիտութիւնը, իրաւաբանական ենթահողը, փորձառութիւնն ու բարոյականը ունի:
CATEGORIES Միջազգային