«ՏԱՅ ԱՍՏՈՒԱԾ` ՍԱՐԳՍԵԱՆ-ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԴՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ
Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ միաւորման 150-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան մասնակցած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Հռոմի մէջ յայտարարած է, որ Տովիլի մէջ «Մեծն ութնեակ»ի վեհաժողովին ծիրին մէջ որդեգրուած միացեալ յայտարարութիւնը պիտի արագացնէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը:
Իտալիայէն մէկնելէ առաջ Տաւութօղլու հանդիպում ունեցած է լրագրողներու հետ, որոնց տեղեկացուցած է Հռոմի մէջ շարք մը երկիրներու ղեկավարներուն եւ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ ունեցած իր հանդիպումներուն որոշ մանրամասնութիւնները:
Ան յայտնած է, որ հանդիպումներ ունեցած է Պրազիլի, Արժանթինի, Բրիտանիոյ եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարներուն, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահին, ինչպէս նաեւ Մակեդոնիոյ, Սլովենիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ:
Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած իր հանդիպումին մասին որոշ մանրամասնութիւններ հաղորդելով` Տաւութօղլու նշած է, որ իրենք հանդիպումին ընթացքին մասնաւորաբար քննարկած են հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններն ու ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը:
«Յառաջիկային Քազանի մէջ հանդիպում պիտի ունենան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները: Ազդանշանները դրական են: Կը կարծեմ, որ «Մեծն ութնեակ»ի վեհաժողովին ծիրին մէջ որդեգրուած միացեալ յայտարարութիւնը պիտի արագացնէ ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման հոլովոյթը: Սպասենք քազանեան հանդիպումին արդիւնքներուն: Տայ Աստուած` դրական քայլեր իրականացուին: Տեսնելով պարոն Ալիեւի վճռականութիւնն ու լաւատեսութիւնը` ես ինքզինքս երջանիկ զգացի», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Տաւութօղլու թրքական «Զաման» օրաթերթին յայտնած է, որ պաշտօնական հիւրերու փոխադրակառքին մէջ «կարճ զրոյց» մը ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Զրոյցին մասին մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր: