ԴԵՍՊԱՆ ԵՈՎԱՆՈՎԻՉ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչ «շատ դրական» գնահատեց 1 մարտի իրադարձութիւններուն առնչութեամբ ազատազրկուած ընդդիմադիրները ազատ արձակելու փաստը:
Հայաստանի մէջ իր առաքելութիւնը աւարտող` Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մարի Եովանովիչ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին ողջունեց Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող վերջին միտումները:
Եովանովիչ նշեց, որ կարեւոր է ընդդիմութեան եւ իշխանութիւններուն միջեւ երկխօսութեան թափանցիկ ու կառուցողական ըլլալը եւ այս ամէնը շատ ոգեւորիչ է: Ասիկա մեծ կարելիութիւններ կը բանայ հայաստանցիներուն համար` յատկապէս հաշուի առնելով, որ նախընտրական շրջանը կը մօտենայ:
Դեսպանը ողջունեց նաեւ 2008-ի մարտեան իրադարձութիւններու հետաքննութեան վերսկսումը:
«Կը կարծենք, որ իսկապէս շատ կարեւոր է նաեւ իշխանութիւններուն որոշումը` թոյլ տալու մարդոց հանրահաւաքներ կազմակերպել այնտեղ, ուր անոնք կ՛ուզեն հանրահաւաքներ կազմակերպել», ըսաւ դեսպանը: Ան աւելցուց հետեւեալ ընդհանրացումը. «Այս բոլոր զարգացումները եւ 1 մարտի գործով ընթացող քննութեան վերսկսումը շատ կարեւոր են ոչ միայն Հայաստանի պատմութեան այդ շատ ցաւալի շրջանի բուռն հանգամանքները պարզելու համար, այլեւ այն տեսանկիւնէն, որ ատիկա հայաստանցիներուն կարելիութիւն կու տայ հասկնալու, թէ ի՛նչ սխալներ գործուած են` հետագային անոնցմէ խուսափելու համար»:
Իսկ այսպիսի սխալներէն խուսափելու համար, օրինակ, ըստ դեսպանին, անհրաժեշտ է օգնել ոստիկանութեան եւ պետական այլ մարմիններուն` համապատասխան վարժութիւններու միջոցով հանրահաւաքներու անվտանգ կառավարման հմտութիւնները ձեռք բերելու:
Մարի Եովանովիչ նաեւ ընդգծեց, որ հանրահաւաքներ տեղի կ՛ունենան բոլոր երկիրներուն մէջ, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ըստ անոր, երբեմն իրադարձութիւնները կը զարգանան ոչ լաւագոյն ձեւով եւ այսպիսի հանգամանքներուն մէջ ոստիկանութիւնը պէտք է յաջողի ապահովել թէ՛ ցուցարարներուն, թէ՛ շրջապատին մէջ գտնուող անձերուն անվտանգութիւնը:
Դեսպանը յայտնեց, որ 1 մարտի հարցերով բանտարկեալներու ազատ արձակումը եւ այդ գործով հետաքննութեան վերսկսումը շատ կարեւոր է նաեւ այն առումով, որ ատիկա մարդոց կարելիութիւն պիտի տայ անընդհատ դէպի ետեւ` մարտեան ժամանակահատուածին նայելու փոխարէն առջեւ նայելու, պատրաստուելով խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններուն:
Մարի Եովանովիչ յոյս յայտնեց, որ ընտրութիւններու ընթացքին գաղափարներու առողջ մրցակցութիւն տեղի ունենայ եւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ազատ եւ արդար կայացման նպաստէ նաեւ վերջերս փոխուած ընտրական օրէնսդրութիւնը:
Դեսպանը շեշտեց, որ ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխման վերջին հոլովոյթը որոշակիօրէն աւելի բաց էր եւ թափանցիկ: Ըստ անոր, ատիկա գերազանց հոլովոյթ չէր, բայց նախապէս եղածներուն համեմատ քիչ մը աւելի բաց էր եւ որոշ յոյսեր կը ներշնչէ:
Գնահատելով ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին ներկայ հանգրուանը` Մարի Եովանովիչ, շատ կենսական նկատելով վերջերս համանախագահող երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ Տովիլի մէջ ընդունուած միացեալ յայտարարութիւնը, որուն մէջ կ՛ընդգծուէր խնդիրի խաղաղ լուծման կարեւորութիւնը, նշեց, որ ատիկա լուծման հիմնական սկզբունքներու նորագոյն տարբերակն է եւ ատիկա իսկապէս առաջ երթալու հիմքեր կ՛ընձեռէ: Ըստ անոր, մնացեալը կողմերէն կախեալ է:
Դեսպան Եովանովիչ յունիսին կ՛աւարտէ իր եռամեայ դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ եւ պիտի վերադառնայ Ուաշինկթըն` ստանձնելու արտաքին գործոց նախարարի հիւսիսային եւ կեդրոնական Եւրոպայի հարցերով փոխտեղակալի պաշտօնը:
Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ ինք ի՞նչ կը տանի իրեն հետ Հայաստանէն ոչ թէ իբրեւ դիւանագէտ, այլ իբրեւ անհատ, ան նշեց, որ շատ բախտաւոր կը զգայ 3 տարի Հայաստանի մէջ գտնուելու համար: Ինք շատ բան սորված է Հայաստանի մէջ եւ որոշ հմտութիւններ ձեռք բերած է: «Ամէնէն կարեւորը, որ այստեղ գտած եմ, բարեկամութիւնն է շատ մարդոց հետ, ինչ որ, յոյսով եմ, պիտի շարունակուի ապագային»: