ՀԱՅ-ՎՐԱՑԱԿԱՆ ՄԻՋԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԻՐ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ
Տաւուշի մարզի Իջեւան քաղաքին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Վրաստանի խորհրդարաններու միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնախումբի համանախագահներ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Սամուէլ Բալասանեանի եւ Վրաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ Միխայիլ Մաչավարիանիի գլխաւորած պատուիրակութիւններու աշխատանքային հանդիպումը:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնախումբի գործունէութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, կարեւոր նկատած աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան բարձրացման անհրաժեշտութիւնը, շեշտած երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան աշխուժացման եւ զարգացման կարեւորութիւնը, անդրադարձած երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու եւս:
CATEGORIES Հայկական