«ՀՅԴ-Ն ԴԷՄ Է ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՆՊԱՏԵՀ ՅԱՌԱՋԱՁԳՄԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սերժ Սարգսեան արտակարգ նախագահական ընտրութիւններու պիտի չերթայ: Սակայն ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ Հայ ազգային քոնկրես-իշխանութիւն երկխօսութեան իբրեւ արդիւնք կարելի է խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ կատարել:
Ան աւելցուց, որ Դաշնակցութիւնը որեւէ ընտրութեան դէմ չէ, բայց նպատակայարմար չի նկատեր «ընտրութեան անպատեհ յառաջաձգումը»:
«Ուժերու պատրաստութեան հարց կայ: Օրինակ` յանկարծ որոշուի, որ երկու ամիսէն ընտրութիւններ պիտի ըլլան: Ատիկա կը նշանակէ յանկարծակիի բերել ամբողջ քաղաքական դաշտը եւ այն ուժերը, որոնք աւելի մեծ կարելիութիւն ունին անակնկալ ընտրութիւններ կատարելու, իսկ այս պարագային անոնք իշխանական ուժերն են, միւսներուն համեմատութեամբ պիտի յայտնուին յաւելեալ շահեկան դիրքերու մէջ», ըսաւ ՀՅԴ-ի Բիւրոյի ներկայացուցիչը:
Ան ընդգծեց, որ եթէ երկխօսութեան իբրեւ արդիւնք ընտրութիւնները յառաջաձգուին, ապա ես կը նկատեմ, որ այդ երկխօսութիւնը իսկապէս դաւադրութիւն էր` ուղղուած ժողովուրդին դէմ: