ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ նեպիհ Պըրրի նամակ մը ստացաւ Իրանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալի Լարիճանիէն:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ Իքոլայի մանրէ (բանջարեղէններով փոխանցուող յատուկ մանրէ) չկայ եւ ցարդ այդ մանրէով վարակման ոչ մէկ պարագայ արձանագրուած է: Այս ծիրին մէջ նախարարը շեշտեց, որ Եւրոպայէն Լիբանան բանջարեղէնի ներածումը խիստ արգիլուած է` շեշտելով, որ երկրին մէջ ոչ մէկ տագնապ պիտի արձանագրուի այդ առումով:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի յայտնեց, որ պաղեստինեան հողերու ազատագրումն ու պաղեստինեան պետութեան մը կերտումը անխուսափելի է, այնքան ատեն որ կայ դիմադրող, միասնական ժողովուրդ մը, որ երբեք անձնատուր չ՛ըլլար:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնավարման նստաշրջանի երկարաձգումը պէտք է կատարէ կառավարութիւնը. ան կոչ ուղղեց կազմելու մասնագէտներու կառավարութիւն մը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ 1990-էն ի վեր Լիբանանի նախագահները եղած են ձախող անձնաւորութիւններ:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբերի տեղակալ Անտրէ Թինընթի շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ գործուած պայթումին շուրջ բացուած հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է:
ՄԱԿ-Ի ընդհանուր քարտուղարութիւնը կը յայտնէ, որ իրեն յստակ տեղեկութիւններ չեն փոխանցուած Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանին կողմէ արձակուելիք նախնական ամբաստանութեան մասին:
ՖԻՆԻՒԼ-Ի ուժերու քաղաքական եւ քաղաքացիական հարցերու պատասխանատու Միլոշ Շթրոկըր շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ծառայող միջազգային խաղաղապահ ուժերուն թիւը պիտի աւելնայ. ան նշեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ը պիտի ջանայ պահպանել հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ գործավար վարչապետ Սաատ Հարիրի յառաջիկայ 4 օրերուն ընթացքին վերադառնայ Լիբանան, ուրկէ մեկնած էր անցեալ 23 ապրիլին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ քաղաքական եւ ապահովական անիշխանութեան իրավիճակին վերջ մը դնելու լաւագոյն միջոցը մասնագէտներու կառավարութեան կազմութիւնն է:
ԸՍՏ «Նահար» օրաթերթին, սուրիացի մտաւորականներ կը սերտեն Լիբանանի մէջ ընդարձակ հանդիպում մը ունենալու կարելիութիւնը` Գահիրէէն, Ռիատէն եւ Ապու Տապիէն մերժում ստանալէ ետք:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն գտնելու միջոց մը, որուն հիման վրայ ոչ ոք պիտի տիրէ լիբանանեան պետութեան, «ընդհակառակն` պէտք է յանգիլ քաղաքական այնպիսի վարչակարգի մը, որ առիթ կ՛ընծայէ քաղաքական բոլոր ուժերուն մասնակցելու իշխանութեան», ըսաւ ան: