«ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՀԵՏԱՊՆԴԷ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐԸ ՏՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ» ԸՍԱՒ ՂԱՍՍԱՆ ՄՈՒԽԱՅՊԵՐ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր կոչ ուղղեց արդարութեան նախարարութեան հետապնդելու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ հրապարակուած այն որոշումը, որուն հիման վրայ 31 մայիս 2011-էն առաջ ձերբակալուած բոլոր յանցագործներուն ներում կը շնորհուի:

Մուխայպեր յայտնեց, որ այդ որոշումը կրնայ ընդգրկել նաեւ լիբանանցիները, եւ եթէ իրապէս այդ որոշումը կը վերաբերի նաեւ լիբանանցիներուն, ապա լիբանանեան պետութիւնը պէտք է լիբանանցի բանտարկեալները տուն վերադարձնելու միջոցներուն մասին մտածէ:

Մուխայպեր ցաւ յայտնեց, որ պաշտօնական մակարդակի վրայ լիբանանեան պետութիւնը բաւական անտարբեր է այս թղթածրարին նկատմամբ:

Միւս կողմէ, արդարութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ ընդհանուր դատախազութիւնը եւ նախարարութեան պատկանող մարմինները կը հետապնդեն Սուրիոյ կողմէ բանտարկեալներու ազատ արձակման որոշումը եւ այդ որոշումին մէջ  լիբանանցի բանտարկեալներ ներառման հաւանականութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES