Կաթիլով Հոկտեմբերէն Առաջ «Ժընեւ-2»-ի Գումարումը Անհաւանական Կը Նկատէ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտնեց, որ «Ռուսիա կ՛ուզէ Սուրիոյ շուրջ խաղաղութեան միջազգային խորհրդաժողովը գումարել կարելի եղածին չափ շուտ», սակայն հոկտեմբերէն առաջ այդ խորհրդաժողովին կայացումը անհաւանական է, որովհետեւ այդ ամսուընէ առաջ դիւանագիտական ժամանակացոյցերը խճողուած են:
Կաթիլով նախատեսեց, որ օգոստոսի վերջաւորութեան «Ժընեւ-2»-ի պատրաստութեան շուրջ յաւելեալ խորհրդակցութիւններ տեղի ունենան:
Կաթիլով ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «անհաւանական է, որ (խաղաղութեան խորհրդաժողովը) սեպտեմբերին գումարուի, որովհետեւ շատ միջոցառումներ կան, որոնց շարքին` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ նախարարական շաբաթը»:
Ան աւելցուց, որ «մենք կ՛ուզենք խորհրդաժողովը կարելի եղածին չափ շուտ գումարել, սակայն պէտք է իրապաշտ ըլլանք ինչ կը վերաբերի պայմաններուն, որոնք կրնան հաւաքին վրայ ազդել:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը նշեց, որ «Ռուսիա տակաւին կառչած կը մնայ բանակցութեանց Իրանի մասնակցութեան. առաջարկ մը, որուն չզօրակցեցաւ Ուաշինկթըն»:
Ռուս եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ անցեալ շաբաթ համաձայնած էին խորհրդաժողովը կարելի եղածին չափ շուտ գումարելու, սակայն մարտնչող կողմերը բանակցութեան սեղանի շուրջ նստիլ համոզելու համար շօշափելի ծրագիր մը չներկայացուցին:
Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա նախապէս յայտնած էին, որ պիտի փորձեն «Ժընեւ-2»-ը գումարել մայիսին: Ապա Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի խորհրդաժողովին օգոստոսէն առաջ գումարուիլը անհաւանական նկատեց:


