«Աշխարհին Հետ Յարաբերութեան Մէջ Արտաքին Միացեալ Քաղաքականութիւն Մը Պէտք Է Ունենանք» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին թեկնածու Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ յայտնեց, որ «աշխարհին հետ յարաբերութեան մէջ արտաքին միացեալ քաղաքականութիւն մը պէտք է ունենանք»:

Ան շեշտեց, որ «արտաքին գործոց նախարարութիւնը կուսակցական պայքարներուն պիտի չմիջամտէ եւ որդեգրուած արտաքին քաղաքականութիւնը կարելի եղածին չափ լաւ ձեւով պիտի գործադրէ»` նշելով, որ «Իրան շրջանի կայունութեան կարեւոր սիւներէն մէկն է, իսկ ատիկա հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն կը պահանջէ»:

Share this Article
CATEGORIES