Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այս շաբթուան ընթացքին երկու պատկերասփռուած ճառեր պիտի արտասանէ: Առաջինը` այսօր երեկոյեան «Մայատին» կայանին հետ իր ունենալիք հարցազրոյցին ընթացքին, իսկ երկրորդը` ուրբաթ օր, յուլիսեան պատերազմին առիթով Հըզպալլայի կազմակերպելիք կեդրոնական ձեռնարկին ընթացքին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ կատարուած իրողութեան որեւէ կառավարութիւն իրենց կողմէ կատարուած այլ իրողութիւններ պիտի ենթադրէ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանանի մէջ կատարուած իրողութեան կառավարութիւնը կրնայ երկրին կացութիւնը պայթեցնել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի կոչ ուղղեց Պէյրութէն հեռու օդակայան եւ նաւահանգիստ կառուցելու` քաղաքական եւ ապահովական պատճառներով:
ԸՍՏ անպաշտօն աղբիւրներու, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Թամմամ Սալամ չէզոք կառավարութեան մը կազմութեան մասին տակաւին յստակ պատասխան մը չեն ստացած Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթէն:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան խստիւ դատապարտեց որդեգրուած իսրայէլեան միջոցառումները, որոնք կը միտին հրէացնել Երուսաղէմը:
ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ յայտնեց, որ Հալէպի մէջ առեւանգուած առաջնորդներ Եուհաննա Իպրահիմ եւ Պուլոս Եազիժի եպիսկոպոսներուն սպանութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը պարզապէս ենթադրութիւններ են: Ան աւելցուց, որ եպիսկոպոսներուն ճակատագիրին մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը պաշտպանելու եւ զայն կարմիր գիծ նկատելու խիստ կարիքը կայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ օդուժի Պէյրութի խարիսխին մէջ ստանձնեց զէնք եւ զինամթերք, որոնք նուիրուած էին ֆրանսական բանակին կողմէ:
ԲԱՆԱԿԻ հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր հարցեր:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ յայտարարեց, որ միագոյն կառավարութեան մը կազմութիւնը Լիբանանը պիտի մղէ քանդումի եւ յաւելեալ քայքայումի:
ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ քաղաքական վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ Պէյրութի մէջ թուրք օդաչուն եւ անոր օգնականը առեւանգելէ ետք, Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը լուծման ճամբուն վրայ կը գտնուի:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, այս հանգրուանին անկարելի է Լիբանանի մէջ կառավարութիւն կազմել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ կազմէ կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ անկարելի է մնայուն կերպով ենթարկուիլ Հըզպալլայի կամքին, մանաւանդ որ ան զէնքի ուժով իր կարծիքը կ՛ուզէ պարտադրել:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Թամմամ Սալամի աղբիւրներէն, յայտնեց, որ Սալամ Հըզպալլային երաշխիքներ տրամադրած է կառավարութեան մաս կազմելու եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ Դիմադրութեան դերակատարութիւնը պահպանելու առումով:
ՏԱՐ ՖԱԹՈՒԱՅԻ իրաւաբանները կը սերտեն «Սոլիտեր»-ի դէմ դատական հարց յարուցելու կարելիութիւնները:
ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի Հըզպալլան եւ Ամհազ ընտանիքը ամբաստանեց իր դէմ Լապուէի մէջ գործուած ապահովական միջադէպին յանցանքով:

