Ժոմպլաթ Սուրիայէն Հեռանալու Կոչ Կ՛ուղղէ Սէյիտ Նասրալլայի
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ սուրիական բանակը համայնքային կողմնորոշում ունեցող բանակ մըն է` աւելցնելով, որ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Ժամալ Ապտել Նասեր եղած է այդ իրականութիւնը նշմարող առաջին ղեկավարներէն մէկը:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ սուրիական բանակը պէտք էր տապալէր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը, ինչպէս էր Եգիպտոսի պարագան` կասեցնելու համար սպանդները:
«Սակայն ատիկա կարելի չեղաւ, որովհետեւ սուրիական բանակը Ասատ ընտանիքին հակակշիռին տակ կը գտնուի, սակայն Ասատ ընտանիքը կը քանդէ սուրիական բանակն ու անոր հետ սուրիական պետութիւնը», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Ժոմպլաթ նշեց, որ ինք Մուսթաքպալ հոսանքին հետ հարցեր չունի` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ սուրիացի ժողովուրդին ցուցաբերուած զօրակցութիւնը եւ աւելի ուշ Հըզպալլայի մասնակցութիւնը` Սուրիոյ զինեալ միջադէպերուն, Լիբանանի համար փորձանք են, եւ պէտք է իւրաքանչիւրը վերադառնայ ինքզինք սուրիական տագնապէն զանց կացուցելու կեցուածքին:
Ժոմպլաթ հաստատեց, որ սուրիական վարչակարգին տապալման յետհաշուարկը արդէն իսկ սկսած է` աւելցնելով, որ անիկա կրնայ երկար տեւել: Ան կոչ ուղղեց սէյիտ Հասան Նասրալլային հեռանալու Սուրիայէն, վերադառնալու լիբանանեան ազգային երկխօսութեան եւ Դիմադրութեան զէնքը Իսրայէլի դէմ ուղղելու` զայն լիբանանեան բանակին տրամադրութեան տակ դնելէ ետք:

