Մուսթաքպալի Պլոք. «Կը Դատապարտենք Թուրքերուն Առեւանգումը, Իսկ Հըզպալլա Պէտք Է Օժանդակէ Անոնց Ազատ Արձակումի Ջանքերուն»
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ նախագահեց Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքի նիստին, որ տեղի ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ հոսանքը խստիւ դատապարտեց Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբուն վրայ թուրք օդաչուին եւ անոր օգնականին առեւանգումը` շեշտելով, որ այդ արարքը լիբանանցիներուն յիշողութեան մէջ կ՛արթնցնէ ութսունական թուականներուն Հըզպալլայի ծիրին մէջ դարձող արբանեակներուն կողմէ լիբանանցի քաղաքացիներուն դէմ կատարուած գործողութիւնները:
Մուսթաքպալ հոսանքը դատապարտեց նաեւ 15 ամիսներ առաջ Ազեզի մէջ լիբանանցիներուն առեւանգումը` շեշտելով, որ թուրք քաղաքացիներուն առեւանգումը լիբանանեան պետութեան ու գերիշխանութեան վտանգ հասցնող արարք մըն է, որ երկրին քաղաքական եւ ապահովական հաստատութիւնները վտանգի կ՛ենթարկէ:
Մուսթաքպալ հոսանքին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ թուրք քաղաքացիներուն առեւանգումը կատարուած է Հըզպալլայի հակակշիռը վայելող շրջանի մը մէջ, եւ իբրեւ այդպիսին Հըզպալլա պէտք է օժանդակէ առեւանգեալ թուրքերը ազատ արձակելու ջանքերուն:
Մուսթաքպալ հոսանքը ցաւակցութիւն յայտնեց նաեւ Արսալի բնակչութեան, որ թիրախ կը դառնայ ապահովական միջադէպերու` սադրանքներու նախապատրաստութիւնը կանխարգիլելու իր առաքելութեան ճամբուն վրայ:
Մուսթաքպալ հոսանքը դատապարտեց նաեւ Լապպունէի միջադէպը եւ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան ու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին թիւ 1701 բանաձեւին դէմ գործուած ոտնձգութիւնները:


