Ճարտարարուեստի Մարզի Սեփականատէրերու Միութիւնը Յունաստանի Եւ Բրիտանիոյ Մէջ Բացած Է Լիբանանեան Արտադրութեան Արտածումի Գրասենեակներ
Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ երէկ շեշտեց, որ միութիւնը մեծ ջանքեր ի գործ դրած է աշխուժացնելու իր պաշտօնական կայքէջը, որ առիթ ընծայած է անոր արագ կապեր հաստատելու եւ գործակցելու մեծ թիւով գործարարներու հետ:
Կայքէջի աշխուժացման եւ ստեղծուած գործակցութեան շնորհիւ վերջին հանգրուանին միութեան կայքէջին այցելուներուն թիւը հասած է 300 հազարի:
Այս շրջագիծին մէջ Աֆրամ ներկայացուց նաեւ կարգ մը առաջնահերթութիւններ, որոնք պահանջուած են լիբանանեան պետութեան կողմէ` ճարտարարուեստի մարզին ընդարձակումին եւ զարգացումին համար:
Աֆրամ յայտնեց, որ միութիւնը Յունաստանի եւ Բրիտանիոյ մէջ բացած է լիբանանեան արտադրութեան արտածումի գրասենեակներ, որոնք կը դիւրացնեն լիբանանեան արտադրութիւններուն արտածումը այս երկիրներուն մէջ եւ անոնց համար նոր շուկաներ կը բացայայտեն:
Աֆրամ շեշտեց, որ միութիւնը մօտիկ ապագային նման գրասենեակներ պիտի բանայ նաեւ այլ երկիրներու մէջ:
Ան աւելցուց, որ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութիւնը սեփական մարզի ներդրողներուն հետ կը գործակցի` հիմնելու համար ճարտարարուեստի իտէալ քաղաքներ, որոնց շարքին է Ժեզզինի ճարտարարուեստի քաղաքը, որուն բացումը մօտիկ ապագային պիտի կատարուի:
Աֆրամ աւելցուց, որ ճարտարարուեստի քաղաքներ կը կառուցուին նաեւ լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ:
Աֆրամ խորհուրդ տուաւ ներդրումներ կատարելու բարգաւաճման ու նորարարութեան աշխարհին եւ իրար լրացման ծրագիրներու մէջ, ուր կարողութիւնները, գիտութիւնը, արեհեստագիտութիւնը, մշակոյթը, փորձառութիւնը, արուեստն ու արդիականացումը կը միաձուլուին:

