Սապունճեան Ընդունեց «Լիպնոր»-ի Տնօրէն Խորհուրդը

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց «Լիպնոր» չափանիշերու եւ յատկութիւններու հաստատութեան տնօրէն խորհուրդը` նախագահութեամբ հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Լինա Տըրղամի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան «Լիպնոր»-ի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան արտադրութիւնները արտածելու յատկութիւններուն մասին անոր պարտադրած պայմանները:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ լիբանանեան արտադրութիւններուն յատկութիւններուն ու չափանիշերուն պահպանումին յանձնառու մնալու անհրաժեշտութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )