Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանի Մէջ Չընդունելու Սուրիացի Գաղթականները

Համախմբումի նիստէն պահ մը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որմէ ետք ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ կարդաց համախմբումին նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Լիբանան ժամանող սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականներուն թիւը Լիբանանի համար գոյացութեան տագնապի վերածուած է եւ մտահոգիչ դարձած քաղաքացիին համար, որ կը գիտակցի Լիբանանի վրայ այս գաղթին ունենալիք հետեւանքներուն:

Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կը գտնուի ժողովուրդ մը, որ երկրին բնակչութեան աւելի քան քառորդն է եւ ուռճացման ուղիին վրայ կը գտնուի` աւելցնելով, որ Լիբանան չի կրնար գաղթականներու յաւելեալ թիւ մը հանդուրժել, որովհետեւ գաղթականներու թիւին բարձրացումը Լիբանանի կացութիւնը կրնայ պայթեցնել:

Մամլոյ ասուլիսէն պահ մը

Պասիլ յայտնեց, որ այս մասին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը նախապէս զգուշացուցած էր, սակայն անոր մտահոգութիւնը բաժնելու փոխարէն, կարգ մը քաղաքական ուժեր անոր մօտեցումը անմարդկային եւ ցեղապաշտական որակած էին: «Այդ իսկ պատճառով Լիբանան իր արդի պատմութեան մեծագոյն փորձանքին դիմաց կը գտնուի», ըսաւ Պասիլ:

Պասիլ համախմբումին անունով կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ չընդունելու սուրիացի գաղթականները, ինչպէս նաեւ գործակցելու սուրիական իշխանութիւններուն հետ եւ սուրիացի գաղթականները վերադարձնելու Սուրիոյ ապահով շրջանները:

Համախմբումը շեշտեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է Լիբանան-Սուրիա սահմանները ամբողջական հակակշիռի տակ առնել եւ արգիլել ապօրինի անցքերէ Լիբանան մուտքը:

Պասիլ կարեւոր նկատեց բոլոր շրջաններուն մէջ սուրիացի գաղթականներուն մարդահամարը նոյն չափանիշերով կատարել, ինչպէս նաեւ սանձել ընկերային իմաստով գայթակղեցուցիչ որեւէ երեւոյթ:

Պատասխանելով սուրիացի գաղթականներուն համար յատուկ գաղթակայաններ կառուցելու տրամադրութիւններուն մասին հարցումի մը` Պասիլ ըսաւ. «Եթէ ոմանք կը փափաքին նման գաղթակայաններ կառուցել լիբանանեան հիւսուածքին հետ խաղալու նպատակով, ապա մենք այդ արարքին դիմաց լուռ պիտի չմնանք»:

 

Share this Article
CATEGORIES