Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Իսրայէլի Դէմ Ներկայացուելիք Բողոքին Մանրամասնութիւնները

Նախագահ Սլէյման եւ Մանսուր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պէյթէտտինի նախագահական ամարանոցին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց Իսրայէլի դէմ ներկայացուելիք բողոքին մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակի հրամանատարութենէն պահանջեց Լապպունէի միջադէպին վերաբերող հետաքննութիւնը կցել ներկայացուելիք բողոքին:

Նախագահ Սլէյման Մանսուրէն պահանջեց Ապահովութեան խորհուրդին այդ բողոքը

ներկայացնելու աշխատանքները հետապնդել:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ կարգ մը երկիրներու հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ արտերկրի լիբանանցիներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւններն ու կառավարութեան կազմութեան հեռանկարները:

Խուրի նախագահ Սլէյմանը տեղեակ պահեց երկուշաբթի, 19 օգոստոսին Լիբանան ժամանելիք Միջազգային դրամատան պատուիրակութեան եւ անոր կատարելիք աշխատանքներուն մասին: Նշենք, որ պատուիրակութեան առաքելութեան շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ Լիթանի գետին եւ Քարաոնի ջրամբարին ապականումի հարցը լուծելու ծրագիրին ֆինանսաւորումը:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց  Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Անթուան Շտիտը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ստանձնեց Լիբանանի մէջ Քոլոմպիոյ, Գերմանիոյ, Դանիոյ եւ Պենինի դեսպաններուն հաւատարմագիրները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )