Առեւանգուած Թուրք Օդաչուներուն Եւ Ազեզի Մէջ Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ազատ Արձակումին Թղթածրարը Տեղքայլի Մէջ Կը Մնայ

Էօզեըլտըզ եւ Սինիորա

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել եւ հանրօգուտ շինութեանց ու փոխադրութեան միջոցներու երեսփոխանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի, ինչպէս նաեւ յանձնախումբին անդամ երեսփոխանները երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ գումարեցին փոթորկոտ նիստ մը:

Պէյրութի միջազգային օդակայանի ապահովութեան պատասխանատու գնդապետ-զօրավար Ժան Թալուզեանի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած այս  հանդիպումին ընթացքին Շարպել յայտնեց, որ կայ ապահովական ծրագիր մը, որ պիտի գործադրուի` պահպանելու համար Պէյրութի միջազգային օդակայանին ապահովութիւնը:

Ան ըսաւ, որ ապահովական կառոյցները կը գործակցին համապատասխան ուժերուն հետ` պահպանելու համար օդակայանին ապահովութիւնը, սակայն Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչներուն կողմէ այդ կեցուածքին նկատմամբ ցուցաբերուած դրժումը եւ ապահովական հարցերուն քաղաքականացումը ընդվզեցուց Շարպելը, որ քաղաքական լարուած յայտարարութիւնները պատասխանատու նկատեց ապահովական միջադէպերուն:

Երեսփոխան Պատըր Ուաննուսի եւ Շարպելի միջեւ արձանագրուեցաւ բանավէճ մը, որ բաւական փոթորկոտ էր:

Աւելի ուշ Շարպել կիսատ ձգելով հանդիպումը մեկնեցաւ` մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Նիստէն ետք Մոհամետ Քապպանի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ նիստը փոթորկոտ չէ եղած, սակայն մամլոյ ասուլիսին ընթացքին արձանագրուեցաւ այլ բանավէճ մը Քապպանիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Հիքմաթ Տիպի միջեւ` նկատի ունենալով, որ Տիպ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կրկնեց ներքին գործոց նախարարին կեցուածքները:

Քապպանի շեշտեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը եւ անոր ապահովութիւնը պէտք է կարմիր գիծ ըլլան: Ան ըսաւ, որ օրէնքը բոլորին համար է:

«Օդակայանի ապահովութեան պատասխանատուն հաստատեց, որ օդակայանին մէջ ինք պատասխանատու է ապահովութեան, սակայն օդակայանէն դուրս պէտք է ազգային ապահովութեան ծրագիր մշակուի», ըսաւ Քապպանի:

Քապպանի հաստատեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը քաղաքային օդակայան է եւ պէտք է ըլլայ երկրին գործադիր իշխանութեան հովանիին տակ, իսկ Քլէյաաթի օդակայանը պէտք է բացուի եւ ըլլայ նաեւ քաղաքային օդակայան մը:

«Լիբանանի օդակայանները քաղաքական խմբաւորումներու երանգներով պէտք չէ ներկայանան, այլ` պէտք է պատկանին բոլոր քաղաքացիներուն», ընդգծեց Քապպանի:

Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակման թղթածրարը քննարկելու շրջագիծին մէջ, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի հետ:

Իպրահիմ շէյխ Քապալանի փոխանցեց այդ թղթածրարին վերաբերող վերջին մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Քապալան յոյս յայտնեց, որ թրքական պետութիւնը եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անձամբ ամէն ջանք ի գործ դնեն ազատ արձակելու համար Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած ինը լիբանանցիները, որովհետեւ լիբանանցիները առեւանգող կողմերը թրքական իշխանութիւններուն ուղղակի հոգատարութեան ենթակայ են:

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ կէսօրին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուէն, որ քննարկեց առեւանգուած թուրք օդաչուներու թղթածրարին վերաբերող զարգացումները:

Տաւութօղլու լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց լիբանանեան-թրքական երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ թուրք քաղաքացիներուն առեւանգումին ունենալիք ժխտական ազդեցութիւններէն եւ հետեւանքներէն:

Տաւութօղլու մաղթեց, որ լիբանանեան իշխանութիւններն ու քաղաքական հեղինակութիւնները աշխատին` ազատ արձակելու համար թուրք օդաչուները:

Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը հաստատեց, որ Թուրքիա ոչ մէկ ձեւով մեղսակցած է լիբանանցիներուն առեւանգումին:

Իր կարգին, Մանսուր շեշտեց, որ Լիբանան կը մերժէ իր հողերուն վրայ կատարուած առեւանգումները` ընդգծելով, որ Լիբանան նախանձախնդիր է Թուրքիոյ հետ իր ունեցած յարաբերութիւններուն պահպանումին:

Մանսուր նշեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները առեւանգումին առաջին իսկ օրէն կ՛աշխատին ազատ արձակել առեւանգուած թուրք քաղաքացիները` մաղթելով, որ մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ այդ իմաստով դրական արդիւնքներու յանգիլ:

Մանսուր յոյս յայտնեց նաեւ, որ Տաւութօղլու օժանդակէ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն տունդարձին:

Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Տաւութօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է իրանցի իր պաշտօնակիցին հետ եւ անկէ պահանջած, որ օժանդակէ Պէյրութի մէջ առեւանգուած թուրք օդաչուին եւ անոր օգնականին ազատ արձակման:

Առեւանգուած թուրք օդաչուներուն հարցով, Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ: Քննարկուեցան թուրք օդաչուն եւ անոր օգնականը ազատ արձակելու ջանքերը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )