Նախագահ Սարգսեան Երկարաձգեց Զօրավարներ Ապրիամովի Եւ Մարդոյեանի Զինուորական Ծառայութիւնը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր ստորագրեց հրամանագիր մը` զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետի առաջին տեղակալ, զօրավար-գնդապետ Էնրիքօ Ապրիամովի զինուորական ծառայութիւնը 1 օգոստոս 2013-էն մինչեւ յաջորդ տարուան 14 մարտ երկարաձգելու մասին:

Նախագահի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Սերժ Սարգսեանի նոյն օրուան այլ հրամանագրով մը զինեալ ուժերու հրթիռային զօրքերու եւ հրետանիի պետ-վարչութեան պետ, զօրավար-հազարապետ Ալպերթ Մարդոյեանի զինուորական ծառայութիւնը 16 յուլիս 2013-էն երկարաձգուած է երեք տարի ժամկէտով:

Այս ամիս աւելի կանուխ նախագահը հրամանագիր ստորագրած էր զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Եուրի Խաչատուրովի զինուորական ծառայութիւնը մօտ չորս տարիով երկարաձգելու վերաբերեալ:

Share this Article
CATEGORIES