Գերի Բռնուած Հայ Զինուորին Հարազատները Կը Մեղադրեն Կարմիր Խաչը
Ազրպէյճանի մէջ գերեվարուած զինուոր Յակոբ Ինջիղուլեանի` ազրպէյճանական «Ա.Էն.Էս» պատկերասփիւռի կայանին ընդմէջէն երէկ սփռուած հարցազրոյցը խիստ մտահոգած է հայ զինուորին ընտանիքը, հարազատները եւ համագիւղացիները:
Համացանցին վրայ տարածուած այս հարցազրոյցին ընթացքին կապոյտցած աչքով հայ ռազմագերին կը պատմէ, որ վաշտի հրամանատարը զինք ջուրի ուղարկած է: Ինք մերժած է, հրամանատարը հարուածած է իր աչքին, որմէ նուաստացած կամաւոր անցած է ազրպէյճանական սահմանը:
Համոզուած ըլլալով, որ երիտասարդին բռնութեամբ եւ ստիպողաբար հարկադրած են այսպիսի յայտարարութիւններ կատարել, երէկ անոր հարազատներն ու քանի մը տասնեակ համագիւղացիներ հաւաքուած էին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի երեւանեան գրասենեակին մօտ: Անոնք նաեւ Կարմիր խաչի պատասխանատուութեան բաժինը կը տեսնէին ստեղծուած իրավիճակին համար:
«Այսքան ժամանակէ ի վեր ոչ ոք չի՞ ցանկար հանդիպիլ իմ զաւկիս հետ, ինչո՞ւ չեն այցելեր, կ՛ուզեմ իմ զաւակս տեսնել», հարց կու տար զինուորին մայրը` Գայեանէ Ինջիղուլեան` հեկեկալով յիշելով տեսանիւթը: Կարմիր խաչի գրասենեակին դիմաց նստած անոր վիճակը պարբերաբար կը վատանար եւ դժուարութեամբ կը խօսէր:
Ընտանիքը վստահ է, որ հայ զինուորը ճնշումներու տակ այսպիսի յայտարարութիւններ կատարած է` վկայելով, որ ծառայութեան հետ կապուած երիտասարդը որեւէ հարց չէ ունեցած:
«Մենք ատիկա կը բացառենք, տեսանիւթին մէջ իր ձեւերը, ինքը` ինքը չէր: Ատիկա կատարուած է ստիպողաբար: Մենք չենք գիտեր, թէ անոր հետ ինչպէս կը վարուին, շատ հետաքրքրական է` անոր մարմինին վրայ կա՞ն կապտուկներ, թող ատիկա ալ ցոյց տային… ուղղակի Ազրպէյճանի համար ասիկա շոու է », յայտնեց զինուորի զարմուհին` Արփինէ Դիլանեան:
«Ատիկա Կարմիր խաչի թուլութիւնն է: Կարմիր խաչը մինչեւ այսօր ոչ մէկ բան ըրած է, ոչ մէկ աշխատանք կատարած է, մէկ շաբաթը կ՛աւարտի», վրդոված էր զինուորին հայրը: Կարմիր խաչը պէտք է հասկնայ` ամէն վայրկեան իրեն համար մահուան հաւասար է: Յետոյ, զինուորին հոգեբանական ընկճուածութեան համար ընդհանրապէս չեն անհանգստանար… ան հարցազրոյցը տուաւ, բայց իրենք չե՞ն մտածեր, որ հարցազրոյցը տալէն ետք այս տղան պիտի մտնէ ընկճուածութեան մէջ, որ ամբողջ աշխարհը ինծի տեսաւ, իմ հարազատներս ինծի տեսան, իմ ընտանիքս տեսաւ: Հապա եթէ՞ հոգեկան խանգարումներ ունենայ, անոր համար ո՞վ պէտք է պատասխան տայ», կը հարցնէին գրասենեակին մօտ հաւաքուածները` պահանջելով ընել կարելին կարճ ժամկէտի ընթացքին զինուորին վերադարձը ապահովելու համար` «ոչ թէ տասը տարի ետք կիսամարդ եղած գայ, ու այլեւս զինք չճանչնանք»:
Դէպքին մասին նախնական պաշտօնական տեղեկատուութեան համաձայն, զինուորը դիրքերուն վրայ ծառայութիւն կատարած ժամանակ, 8 օգոստոսի լուսցող գիշերը չկողմնորոշուելու հետեւանքով հատած է հայկական բանակի եւ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու շփման սահմանագիծը եւ յայտնուած է հակառակորդի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ: Հարազատներն ու համագիւղացիները երէկ առաջ կը քաշէին զայն առեւանգելու վարկածը. «Սահմանը անցնիլը դիւրին չէ, տարածքը ականապատուած է, ոչ մէկ հասարակ զինուոր կրնայ անցնիլ: Եթէ նոյնիսկ ականապատում չէ եղած տուեալ տարածքին մէջ, ժամը 7:00-ին լոյս է, եթէ մէկը բարձրանայ խրամատի վրայ ու ցանկայ պահակակէտ անցնիլ, վստահ հակառակորդը թոյլ չի տար, վստահ կը կրակէ, որովհետեւ Ազրպէյճան տեղեկութիւն չունի, թէ անցնող զինուորը հետախոյզ է, կ՛անցնի հետախուզութիւ՞ն ընելու համար, թէ՞ յանձնուելու համար…. Թերեւս եկած տարած են, միակ բացատրութիւնը ատիկա է, հակառակ պարագային կը կրակէին, կը վնասէին», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց զինուրին եղբայրը` Յարութիւն Ինջիղուլեան:
Պաշտօնապէս այսպիսի վարկած առաջ չի քաշուիր: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը դատապարտեց տեսանիւթի տարածումը:
«Կը դժուարանամ ըսել, թէ ինչ է նպատակը, բայց մեզի շատ ծանօթ են Ազրպէյճանի այս ձեւերը` ամէն գնով հասնիլ հայկական կողմը վարկաբեկող տեղեկութիւններու տարածման», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան: «Բայց անկախ ամէն ինչէ մենք կը սպասենք մեր զինուորի վերադարձին, եւ անկախ անկէ, թէ ան ի՛նչ կը յայտարարէ այնտեղ, իր նկատմամբ քրէական հետապնդում պիտի չկատարուի Հայաստան վերադարձի պարագային: Հակառակորդին մօտ գտնուող զինուորին ըսածը երբեք չի կրնար հիմնաւոր ըլլալ»:
Ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանի
Ազրպէյճան Խախտած Է Ժընեւի Ուխտը
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը գրեն, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Էլտար Սապիրօղլուի համար անհասկնալի է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեանի յայտարարութիւնը, թէ ազրպէյճանական կողմը, թոյլ տալով ազրպէյճանական պատկերասփիւռի կայանին «հարցազրոյց» առնել հայ ռազմագերիէն, խախտած է Ժընեւի ուխտը:
Ան մեկնաբանած է. «Ժընեւի ուխտին մասին մեզի յիշեցնելով, Արծրուն Յովհաննիսեան կը յիշէ՞, թէ ինչպէս Հայաստանի մէջ կը վերաբերին ազրպէյճանցի գերիներին հետ: Անոնց հետ հարցազրոյցները մէկ անգամ չէ, որ ցուցադրուած են Երեւանի պատկերասփիւռի կայաններէն: Այդ միջոցները կ՛օգտագործուին նաեւ այսօր: Իսկ ատիկա Ժընեւի ուխտի խախտում չէ՞»:
Panarmenian.net-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան պատասխանեց. «Մենք միայն կրնանք ըսել, Կարմիր Խաչէն երբ կ՛ուզեն թող գան տեսնեն, թէ մեր մօտ գտնուող միակ ազրպէյճանցի գերին ի՛նչ պայմաններու մէջ կը պահուի: Եւ գոնէ տեսանիւթ մը, հրապարակում մը ցոյց թող տան, ուր հայկական լրատուամիջոցները ազրպէյճանցի գերիին հետ հարցազրոյց վարած են »:
Եւ ասիկա այն պարագային, երբ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան Պաքուի գրասենեակի աշխատակիցները տակաւին չեն յաջողած այցելել հայ ռազմագերիին:
Շարունակելով իր մեկնաբանութիւնը, որ աւելի շուտ կցկտուր արդարացում կը յիշեցնէ, Սապիրօղլու նշած է, թէ «գերի բռնուելու ընթացքին Յակոբ Ինջիղուլեանի տեսքը սարսափելի էր` կեղտոտ, պատռտուած ու հին կօշիկներով, հագուստով: Հոտէն կարելի չէր անոր մօտենալ: Զայն լոգցուցած են, ազրպէյճանցի զինուորի համազգեստ հագցուցած»: Ասիկա Ժընեւի ուխտի այն կէտի խախտման արդարացումն է, ըստ որուն, եթէ ռազմագերիի համազգեստը կը համապատասխանէ կլիմայական պայմաններուն, գերեվարող կողմը իրաւունք չունի ատիկա գրաւելու:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը նաեւ սեփական սխալները կոծկելու պարզագոյն միջոցին դիմած է` հայկական կողմին «խախտումները» ցոյց տուած է` հայկական բանակի սովահարութեան մասին ազրպէյճանական առասպելին միջոցով:


