Պաքուի Մէջ. «Ռուս-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւնները Վերընթաց Զարգացում Կ՛արձանագրեն»

Փութին եւ Ալիեւ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Պաքուի մէջ համոզում յայտնեց, որ ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները զարգացման լուրջ ներուժ ունին: Այս մասին Փութին յայտարարեց Պաքուէն ոչ հեռու գտնուող «Զակուլպա» պետական ամարանոցին մէջ` Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ կատարած բանակցութիւններուն սկիզբը:

Մինչեւ բանակցութիւններու դռնփակ բաժինին սկիզբը դիմելով ազրպէյճանցի իր գործընկերոջ` Վլատիմիր Փութին հիմնականօրէն կեդրոնացաւ երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւններուն զարգացման վրայ:

«Մեր յարաբերութիւնները իրապէս վերընթաց զարգացում կ՛արձանագրեն: Մենք արդէն իսկ նշեցինք, որ հակառակ համաշխարհային տնտեսութեան մէջ առկայ բարդութիւններուն, անցեալ տարուան ընթացքին միայն ռուս-ազրպէյճանական երկկողմանի ապրանքաշրջանառութիւնը աճած է գրեթէ 50 առ հարիւրով: Եթէ աւելի ճշգրիտ ըլլամ, ապա այդ աճը կազմած է աւելի քան 47 առ հարիւր: Ասիկա մեր յարաբերութիւններուն ներուժը բնութագրող շատ լաւ ցուցանիշ է», ըսաւ Վ. Փութին` աւելցնելով. «Ռուսիա կը շարունակէ մնալ Ազրպէյճանի հիմնական առեւտրական-տնտեսական գործընկերներէն մէկը: Ապրանքաշրջանառութիւնը կ՛աճի եւ ամէնէն հաճելին թերեւս այն իրողութիւնն է, որ այդ ապրանքաշրջանառութիւնը բաւական լաւ կառուցուածք ունի թէ՛ ռուսական եւ թէ ազրպէյճանական կողմէն»:

Ռուսիոյ նախագահին պնդումով, սակայն ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու զարգացումը չի սահմանափակուիր զուտ տնտեսական մարզով. «Այսօր ինծի հետ միասին մեծ խումբ մը եկած է Պաքու: Այստեղ են մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն հիմնական ուղղութիւնները համակարգող առանցքային նախարարները: Այնպէս որ, ես կը կարծեմ, որ մեր աշխատանքը պիտի ըլլայ շատ ծաւալուն, բովանդակալից եւ օգտակար»:

«Ղարաբաղի Խնդիրը Միայն
Քաղաքական Լուծում Ունի»

«Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը միայն քաղաքական լուծում ունի», ըստ ria.ru կայքէջին երէկ Պաքուի մէջ այսպիսի յայտարարութիւն կատարեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:

Նոյն աղբիւրին համաձայն, Փութին-Ալիեւ հանդիպումին յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ռուսիոյ նախագահը նշեց, որ Ալիեւի հետ քննարկեց միջազգային հրատապ տարբեր հարցեր, որոնց շարքին` Ղարաբաղի խնդիրը:

«Ռուսիա աշխուժօրէն կը նպաստէ խնդիրի շուտափոյթ լուծման հոլովոյթին, եւ մենք կը տեսնենք անոր միայն քաղաքական ուղին», ընդգծեց Փութին:

Իսկ Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւ նշեց, որ տագնապին լուծումը կարելի է միայն միջազգային իրաւունքի շրջագիծին մէջ, եւ որ Ռուսիա այդ գործին մէջ լուրջ դերակատարութիւն ունի:

«Խնդիրին շուտափոյթ լուծումը կը բխի շրջանի բոլոր երկիրներու շահերէն: Ատիկա հիմնուած պէտք է ըլլայ պատմական ճշմարտութեան, միջազգային իրաւունքի եւ միգազգային կազմակերպութիւններու որոշումներուն եւ բանաձեւներուն վրայ: Ռուսիա` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ-երկիր, կարեւոր դեր ունի այս հոլովոյթին մէջ», ըսաւ Ալիեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES