Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Նկատի առէք օրուան անցուդարձերը, որպէսզի կարենաք ճիշդ որոշում տալ ձեր կատարելիք աշխատանքին վերաբերեալ կարգադրութիւն կատարելու: Օրը կը պահանջէ համբերատար աշխատանք, նկատի առէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Լաւ ստուգեցէք ձեր պաշտօնական վաւերաթուղթերը, որպէսզի դիւրութեամբ կարենաք իրագործել ճամբորդական հարց մը, կամ` կալուած մը գնելու ձեր որոշումը: Ճշդապահ եղէք ժամադրութեան մը պարագային:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեզի պիտի դիմեն` խնդրի մը լուծման վերաբերեալ ձեր կարծիքը առնելու: Արդար կեցուածք ունեցէք, ոչ կողմնակալ, որպէսզի խղճի խայթ չունենաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Աճապարանքը կամ անհամբերութիւնը մէկ կողմ դրէք. հաւատացէք «դուն քուն, բախտդ արթուն» ժողովրդային փիլիսոփայութեան: Բախտը գողի կը նմանի, կու գայ իր ուզած պահուն: Համբերեցէք ուրեմն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բազմակողմանի կարելիութիւններ ունիք: Այսօր կիրարկեցէք այդ գիտելիքներէն մէկը, որպէսզի կարենաք հոգեկան գոհունակութիւն ունենալ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Գիրքը կը նմանի ընկերոջ մը, որ եթէ իմաստուն է, ձեզ կ՛առաջնորդէ դէպի կատարելութիւն եւ ինքնապաշտպանութիւն: Ընթերցանութեան համար հիանալի է օրը, օգտուեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հին յիշատակները եթէ ձեռնտու եւ քաջալերական չեն, մոռցէք: Նման անիմաստ հարցերով ժամանակ անցընելու օրը չէ, զբաղեցէք շինիչ գործով:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նոր պարտականութիւն մը պիտի փոխանցուի ձեզի: Ընդունեցէք առանց մտահոգութեան, որովհետեւ ձեր խառնուածքին եւ փափաքին համապատասխան է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Երկար ատենէ չտեսնուած բարեկամի մը անակնկալ հանդիպումը ձեզ պիտի զարմացնէ եւ նոյն ատեն պիտի ուրախացնէ: Այս հանդիպումը դրական փոփոխութիւն պիտի բերէ ձեր կեանքին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կատարեցէք ձեր խոստումը: Նուէր մը կամ օգնութիւն մը կրնաք կատարել առանց մտահոգուելու, թէ ստացողը պիտի գոհանա՞յ, թէ՞ ոչ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պատրաստ եղէք հանդիպումի մը, ուր պիտի կարենաք պատասխանել ձեզի ուղղուած գիտական կամ արուեստի վերաբերեալ հարցումներու: Լաւ տպաւորութիւն պիտի թողուք ձեզ լսողներուն վրայ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Խոհանոցի վերաբերեալ աշխատանք մը պիտի ստանձնէք: Կիրարկեցէք ձեր մասնագիտութեան կամ ձեր սիրած ճաշատեսակին վերաբերեալ աշխատանք մը, որպէսզի գոհ ձգէք ճաշակողները: