50 Տարի Առաջ (15 Օգոստոս 1963)

Խմբագրական

Իրաւատէրը Չի Հրաժարիր

Վերջերս թուրք խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը այցելեց Մոսկուա: Թուրք երեսփոխանները սիրալիր ընդունելութեան մը արժանացան խորհրդային մայրաքաղաքին մէջ, ուր ճաշկերոյթներն ու խրախճանքները իրարու յաջորդեցին` առաւելագոյն պատիւը ընծայելու համար հարաւի դրացիին ներկայացուցիչներուն:

Այդ բոլորը քաղաքավարական արտայայտութիւններէ դուրս երեւոյթներ պիտի չնկատէինք, եթէ քաղաքական որոշ յայտարարութիւններ, որոնք ուղղակի կապ ունին Հայ դատի ճակատագրին հետ, տեղ չգտնէին խորհրդային ղեկավարներու, մասնաւորաբար Քրեմլինի ամենազօր պետին` վարչապետ Նիքիթա Խրուշչեւի արտայայտութեանց մէջ:

Արդարեւ, իր ճառին մէջ, խօսելով թուրքեւխորհրդային յարաբերութիւններու մասին, Խրուշչեւ ըսած է.

«Թուրքեւռուս յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն բաւական ցրտացած են: Պէտք է խոստովանինք, թէ մենք անմեղ չենք ասոր մէջ: Այն ատենուան հողային պահանջները Ստալինի եւ Բերիայի թշնամական զգացումներէն յառաջ եկած էին: Ստալին իր բնականոն շրջանին հողային պահանջ չունէր Թուրքիայէն»:

Պարզ ու մեկին, Քրեմլինի տիրոջ բերնին մէջ հողային պահանջներու հարցը կը վերածուի «թշնամական զգացումներ»-է ծնունդ առած արկածի մը, զոր դարմանելու համար, հետագային, մեր ջանքեր թափեցին նոյնինքն Ստալին եւ իր մանկլաւիկները, երբ միջազգային ատեաններու առջեւ պաշտօնապէս հրաժարեցան նման պահանջներէ:

Խրուշչեւի անսեթեւեթ արտայայտութիւնները նոր լոյս կը սփռեն Մոսկուայի անցեալ ու ներկայ տրամադրութիւններուն վրայ, մասնաւորաբար` հողային պահանջներու հարցին առնչութեամբ, որ ուղղակի կը շահագրգռէ հայ ժողովուրդը` իբրեւ իր նուիրական դատին հիմնական կէտը:

Երբ անժխտելի իրողութիւն է, որ առանց հողային պահանջներու նպաստաւոր լուծման` Հայ դատը կը շարունակէ մնալ սեղանի վրայ, Խրուշչեւի այս արտայայտութիւնները, որոնք կու գան մեր հայրենիքի վրայ բռնացող իշխանութեան մը պետէն, տարակոյս չեն ձգեր այլեւս այն մասին, թէ Խորհրդային Միութիւնը, Թուրքիոյ բարեկամութեան սիրոյն, շատոնց հրաժարած է մեր (աւելի` Վրաստանի) հաշուոյն ունեցած իր պահանջներէն:

Այս ճշմարտութիւնը մեզի համար գաղտնիք չէր աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, ու երբ այդ ուղղութեամբ արտայայտուեցանք, հակառակորդ մամուլը այդ հաստատման մէջ տեսաւ Դաշնակցութեան հակախորհրդային պայքարին մէկ արտայայտութիւնը` փորձելով կլլել դեղահատը, որ որքան ալ դառնահամ` կը հրամցուէր պաշտպան Քեռիին կողմէ:

Անկէ ի վեր, իւրաքանչիւր օր, որ անցաւ, աւելի եւս հաստատեց մեր այն համոզումը, թէ Խորհրդային Միութիւնը, քաղաքական իր այժմու հաշիւներով եւ դիտաւորութիւններով, երբեք իրական պահանջատէրը չէ եղած ու չի կրնար ըլլալ, Արեւմտահայաստանի հողերուն, որոնք եղբայրաբա՜ր մատուցուեցան Անգարայի, Լենին-Էնվեր սիրաբանութեան օրերուն:

Բայց այս բոլորին մէջ պէտք չէ մոռնալ բուն պահանջատէրը` հայ ժողովուրդը, որուն հաշուոյն ուզեցին կատարել ու կը կատարեն քաղաքական այս սակարկութիւնը:

Արիւնագիր մուրհակը, որ Սեւրի դաշնագրով նուիրագործուեցաւ, ունի իր իրաւական տէրը, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, ուր հակառակ բոլոր ուրացումներուն եւ կարմիր տէրերու հանդէպ ցոյց տրուած հլու կամակատարութեան` հայ ժողովուրդը, իր լայն զանգուածներով եւ ազգայնական ղեկավարութեամբ, ձայն կը բռնէ պոլշեւիկեան բռնատիրութեան տակ հասակ նետած, բայց իր հոգին անաղարտ պահած պատմագէտ-մտաւորական Ն. Կարապետեաններու հետ` պահանջելու համար, որ վերջ տրուի խայտառակութեան. այլ խօսքով` անարդարութեան:

Խրուշչեւները կրնան հրաժարիլ, երբ տէրը չեն, եկած ու նստած են մեր հայրենիքին մէջ` իբրեւ անցաւոր բռնաւոր: Ժողովուրդը, սակայն, բուն իրաւատէրը, չի հրաժարիր: Մանաւանդ հիմա, երբ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին գոհացումը միջազգային խաղաղութեան նախատարրը կը կազմէ:

 

Ձէթը Եւ Իր Պատմութիւնը

Աստուածաշունչին մէջ գեղեցիկ աւանդութիւն մը կայ (Գիրք Դատ. Թ.), ուր կը պատմուի, թէ ծառերը փափաքեր են թագաւոր մը ունենալ եւ ժողով գումարելով` ձիթենիին առաջարկեր են իշխել իրենց վրայ: Ձիթենին արհամարհանքով մերժեր է առաջարկուած գահը` ըսելով. «Իմ պարարտութիւնս (ձէթս) թողում, որուն համար Աստուած եւ մարդիկ կը պատուեն զիս եւ երթամ ծառերուն վրա՞յ երերամ»:

Ձէթը հին ժամանակներու մէջ անգամ ծանօթ էր եւ կը գործածուէր սրբավայրերու լապտերներուն համար, ինչպէս նաեւ` իբրեւ սնունդ:

«Գիրք Ծննդոց»-ին մէջ կը կարդանք: Յակոբի տեսիլքէն ետք, «Եւ Յակոբ առտուանց կանուխ ելաւ ու իր գլխուն տակը դրած քարը առաւ եւ զանիկա արձան կանգնեցուց եւ անոր գլուխը իւղ թափեց»:

Հին ատենները անուշահոտութիւններուն հիմը ձէթը կը կազմէր, ըմբիշներուն մարմինը ձէթով կը շփուէր, եւ վէրքերը ձէթով կը դարմանուէին:

Ձէթը մինչեւ այսօր կը ծառայէ բազմատեսակ օծանելիքներու պատրաստութեան: Բժշկութեան, մանաւանդ լեարդի հիւանդութիւններուն դարմանումին մէջ (աւազախտ կամ դեղնախտ) յաջողութեամբ կը գործածուի:

Ձէթը շատ մը վայրեր կարագի տեղ կը գործածուի: Միջերկրականեան կղզիներու ժողովուրդները, սպանացիները այս իւղէն զատ ուրիշ իւղ չեն ճանչնար:

Ձիթենին շատ տեսակներ ունի: Ոմանց ուղղակի պտուղը իբրեւ սնունդ կը ծառայէ, ոմանց ալ պտուղը` առատ եւ ընտիր ձէթ հանելու:

Ձիթենիին տերեւը չի թափիր ձմեռը ու միշտ կանաչ կը մնայ: Նոյեմբերին եւ դեկտեմբերին պտուղը կը հասուննայ եւ սեւ գոյն մը կ՛առնէ, ուրեմն քաղի շրջանը ձմեռնամուտին կ՛իյնայ:

Ձէթի յատկացուած պտուղները ճմլիչի մը մէջ կը ճնշուին եւ առաջին ելած իւղը զուտ ձէթն է: Մնացած մասին վրայ տաք ջուր աւելցնելով` երկրորդական եւ երրորդական ձէթեր կը հանեն:

Զուտ ձէթը զերոյէն վար վեց աստիճանին կը սառի:

Ձէթը երբեմն երկար ատեն սրուակներու մէջ մնալով` կծու հոտ մը կը ստանայ: Ատոր առաջքը առնելու համար սրուակները չգոցուած` կէս ապուրի դգալ ալքոլ կ՛աւելցուի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )