Կենցաղավարութիւն. Ճաշի Սեղանին Շուրջ
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ճաշի սեղանին շուրջ կան կենցաղավարութեան տարրական օրէնքներ, զորս պէտք է յարգել: Արդեօք ծանօ՞թ էք բոլորին, եկէ՛ք` ստուգենք:
1
Ճաշարանը, երբ ձեր ապսպրած ուտելիքները սեղան կը դրուին, նախքան ուտելը «բարի ախորժակ» կը մաղթենք:
ՍԽԱԼ: Մանաւանդ երբ մտերիմներով շրջապատուած չենք, այս խօսքը բոլորովին անտեղի է:
2
Երբ կ՛աւարտէք ձեր ճաշը, ձեր ձեռքերը կը դնէք ձեր ծունկերուն վրայ:
ՍԽԱԼ: Ճաշը աւարտելէ ետք արմուկները սեղանին չենք դներ, ոչ ալ` ձեռքերը ծունկերուն վրայ: Կենցաղավարութիւնը կը պահանջէ, որ երկու ձեռքերը սեղանին դնենք, պնակին երկու կողմերուն վրայ:
3
Երբ ճաշի հրաւիրուած էք, պէտք է ճշդուած ժամուն ժամանէք:
ՍԽԱԼ: Երբ ճաշի հրաւիրուած էք, պէտք է որ ճշդուած ժամէն քառորդ ժամ ուշ հասնիք (բայց` ոչ աւելի), այդ ուշացումը կենցաղավարութեան մէջ կը կոչուի «քաղաքավարութեան քառորդ ժամը»…
4
Երբ ճաշի սեղանը կը յարդարէք, անձեռոցիկները կը դնէք պնակին մէջ:
ՍԽԱԼ: Անձեռոցիկին տեղը կախեալ է ճաշի ժումէն: Այսպէս, եթէ հրաւէրը կէսօրուան ճաշ է, անձեռոցիկը կը դնենք պնակին մէջ, իսկ եթէ ընթրիք է` պնակին ձախ կողմը:
5
Երբ տակաւին ձեր ուտելիքը չէք վերջացուցած, դանակ-պատառաքաղը կը զետեղէք պնակին մէջ` խաչաձեւ:
ՍԽԱԼ: Երբ տակաւին մեր ուտելիքը չենք ամբողջացուցած, դանակը եւ պատառաքաղը պնակին մէջ կը դնենք «ժամը 4:00-ին 20 մնացած»-ի ուղղութեամբ, առանց խաչաձեւելու:
6
Երբ ձեր ճաշը կ՛աւարտէք, դանակ պատառաքաղը պնակին մէջ կը դնէք զուգահեռ ձեւով:
ՃԻՇԴ: Նաեւ` պէտք է որ պատառաքաղին ակռաները ըլլան դէպի դուրս, իսկ դանակին կտրող բաժինը` պատառաքաղին զուգահեռ:
7
Եթէ ձեր հացին կտորը մեծ է, զայն դանակով կը կտրէք եւ ապա կ՛ուտէք:
ՍԽԱԼ: Եթէ հացը մեծ է, երկու ձեռքով զայն կը կիսենք, ապա կ՛ուտենք:
Առողջապահական
Բնական Դարմաններ
Ստամոքսի Ցաւի Դէմ
Եթէ պնդութենէ, սրտխառնուքէ, անմարսողութենէ եւ կազէ կը տառապիք, փորձեցէք հետեւեալ բնական միջոցները` նախքան դեղահատերու դիմելը:

ԽՆՁՈՐԻ ՔԱՑԱԽ
Ապուրի դգալ մը խնձորի քացախին աւելցուցէք դգալ մը մեղր եւ գաւաթ մը տաք ջուր: Այս խառնուրդը կը դիւրացնէ մարսողութիւնը եւ կը չքացնէ ստամոքսի խիթերը:

ՍՏԵՊՂԻՆԻ ՀԻՒԹ
4 գաւաթ ջուրի մէջ շուրջ 15 վայրկեան եռացուցէք 4 կտրտուած ստեպղիններ եւ սուրճի դգալ մը չոր, փոշի անանուխ: Հարիչէ անցուցէք եւ խմեցէք: Կրնաք նաեւ պտղունց մը փոշի կոճապղպեղ կամ կիտրոնի հիւթ աւելցնել:

ԱՅՐԱԾ ՀԱՑ
Այն, ինչ որ խորոված է, լա՛ւ է ստամոքսի ցաւը մեղմելու, իսկ այրածը` ա՛լ աւելի լաւ: Փորձեցէ՛ք եւ դժգոհ չէք մնար:
Երկու կտոր հաց այրելու աստիճան խորովեցէք եւ կերէք:

ՄԱԾՈՒՆ
Եթէ փորի ցաւ ունիք, մածուն կերէք: Մածունը կը կանոնաւորէ աղիքներուն գործունէութիւնը եւ կ՛աշխուժացնէ անոնց դիմադրականութիւնը:
Տան Յարդարանք
Անսովոր Լուսամփոփներ
Ահա թէ ինչպէ՛ս ստեղծագործ միտք ունեցող մարդիկ երեւակայած են լուսամփոփներ պատրաստել… վանդակով կամ գլխարկով:
Կը բաւէ, որ ձեռք բերէք ճոխ վանդակ մը, զայն շրջէք եւ վերածէք շքեղ լուսամփոփի մը:
Ինչ կը վերաբերի գլխարկներով պատրաստուած լուսամփոփներուն, դարձեալ գաղափարը հետաքրքրական է եւ յարմար` յատկապէս տան նախասենեակը կամ միջանցքը լուսաւորելու համար:
Օգտակար Խորհուրդներ
Դիւրաբեկ Եղունգներու Համար
Եթէ ձեր եղունգները դիւրաբեկ են, զանոնք ամրացուցէք կիտրոնի հիւթի եւ բուսական իւղի խառնուրդով:
– 100 կրամ ձէթին աւելցուցէք տասը կաթիլ կիտրոնի հիւթ: Խառնուրդը քսեցէք ձեր եղունգներուն: Ձեռնոցներ հագէք եւ ձգեցէք այսպէս ամբողջ գիշերը:
– Կիսեցէք կիտրոն մը եւ ձեր եղունգներով ճանկռտեցէք զանոնք, մինչեւ որ եղունգները լաւապէս մխրճուին կիսուած կիտրոններուն մէջ: Սպասեցէք 10 վայրկեան, ապա լուացուեցէք:
Չոր Մազերու Համար
Եթէ ձեր մազերը չոր են, կրնանք զանոնք խնամել տունը պատրաստուած դիմակներով:
– Մեղրով դիմակ: 1 թէյի դգալ մեղրին աւելցուցէք ապուրի դգալ մը ձէթ, 1 թէյի դգալ քոնեաք եւ մէկ հաւկիթի դեղնուց: Ստացուած խառնուրդը քսեցէք մաքուր, խոնաւ մազերուն վրայ. մազերը փաթթեցէք անձեռոցով մը, սպասեցէք 20-30 վայրկեան, ապա մազերը լուացէք շամփուէնով:
– Աւոքատոյով դիմակ: Առէք հասուն աւոքատօ մը, զայն ճզմեցէք եւ խիւսի վերածեցէք, աւելցուցէք քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթ եւ 2 ապուրի դգալ սեր: Խառնուրդը քսեցէք ձեր մազերուն, ապա մատներուն ծայրամասերով մարձեցէք ձեր գլխուն մաշկը, սպասեցէք 20 վայրկեան, ապա լուացէք ձեր մազերը սովորական շամփուէնով:
Խոհագիր
Փեսթօ Թացան
Ինչո՞ւ շուկայէն պահածոյ թացաններ գնել, երբ կարելի է զանոնք տունը պատրաստել եւ ստանալ շատ աւելի թարմ, համեղ եւ պահպանիչներէ զուրկ տեսակներ:
Այսօրուան էջով կը բացատրենք փեսթօ թացանի պատրաստութիւնը:
6 անձի համար անհրաժեշտ են
– 50 կրամ նոր տաշուած փարմըզան պանիր
– Խոշոր կապոց մը թարմ ռեհան
– 3 պճեղ սխտոր
– 3 ապուրի դգալ սնոպար
– 15-20 սանթիլիթր ձէթ
– Քառորդ սուրճի դգալ աղ
Պատրաստութիւն
Ռեհաններուն տերեւները միայն առնել, զանոնք լուալ, չորցնել եւ մէկ կողմ ձգել:
Մաքրել սխտորի պճեղները:
Հարիչին մէջ յաջորդաբար դնել ռեհանը, սխտորը, աղը, սնոպարը, տաշուած փարմըզանը եւ ձիթապտուղը, հարել, մինչեւ որ թանձր խիւս մը ստացուի:
Այս թացանը կարելի է պատրաստել օր մը առաջ եւ սառնարանը պահել 3-4 օր, իսկ սառցարանը` 2-3 շաբաթ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Գժուել
Եւ ինձ լսելով`
Կարող են ասել.
«Գժուե՞լ է, ի՜նչ է»:
Իսկ ես էլ կ՛ասեմ.
«Այո՛, գժուել եմ,
Ինչո՞ւ չգժուել»:
Իսկ գժուելով չե՞ն սիրում եւ ատում:
Իսկ գժուելուց չէ՞, փայտը ճարճատում:
Առանց գժուելու` չկայ շահած մարտ:
Առանց գժուելու` չեն ծնի նոր մարդ:
Մինչեւ չգժուի` ջուրը չի եռայ,
Կեղեւն չի պատռի հատիկը նռան:
Ծառե՞րն են փթթում`
Գժուած են անշուշտ,
Երկիրն է պտտում`
Գժուած է անշուշտ…
Սերմերը մինչեւ կարգին չգժուեն`
Բերք չեն դառնալու:
Թաթերը մինչեւ կարգին չգժուեն`
Ձեռք չեն դառնալու:
Բառերն էլ մինչեւ կարգին չգժուեն`
Ե՛րգ չեն դառնալու…
Ա՜խ, ուր էր թէ ես միշտ գի՛ժ լինէի…Պ. ՍԵՒԱԿ