Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Թեհրան

Լիզպոնի Հինգի 30-ամեակի Նշում

Յուլիս 27-ին «Արարատ» մարզաւանի Ս. Խաչ մատրան շրջափակի տարածքին մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի արարքի 30-ամեակին նուիրուած բանախօսական-գեղարուեստական ձեռնարկ:

Օրուան բանախօսն էր «Ալիք» օրաթերթի խմբագրակազմի անդամ Արամ Շահնազարեան:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն:

 

Նոր Ջուղա

«Ամերիկացի Փեսացու» Կատակերգութեան
Բեմադրութիւնը

Օգոստոս 8-ին Շահինշահրի հայոց ազգային «Սրբոց Վարդանանց» դպրոցի սրահին մէջ Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան Շահինշահրի մասնաճիւղի Մշակութային միաւորի «Յակոբ Պարոնեան» թատերախումբը ներկայացուց «Ամերիկացի փեսացու» կատակերգութիւնը, հեղինակ` Ազատ Մաթեան,  բեմադրիչ` Ռազմիկ Մարկոսեան:

Երեկոյի բացումը կատարեց Վիոլեթ Յարութիւնեան, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց կատակերգութեան հեղինակ Ազատ Մաթեանի կենսագրութիւնը: Թատրերգութիւնը ներկայացուեցաւ երեք արարով:

Ծրագրի եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց Շահինշահրի հոգեւոր տեսուչ Անանիա վրդ. Գուճանեան, որ գնահատեց կատարուած աշխատանքը եւ մաղթեց թատերախումբին առաւել վերելք:

 

Ժընեւ

Շարլ Ազնաւուր Նեցուկ Կը Կանգնի «Եփրեմ»
Ոսկերչական Տան «Խաչքար» Նախաձեռնութեան

2013 թուականին լիբանանահայ ոսկերչական «Եփրեմ» հաստատութիւնը նախաձեռնեց Խաչքար» ոսկեայ ադամանդակուռ ապարանջանի ստեղծման, որ կը հետապնդէ հայկական ազգային եւ բարեգործական վեհ նպատակներ եւ վաճառքի գինին 5 տոկոսը պիտի տրամադրուի հայկական դպրոցներու օգնութեան հիմնադրամին: Որպէսզի այս ազգանուէր նախաձեռնութեան վրայ հայ եւ օտար գնորդներու ուշադրութիւնը սեւեռէ, «Եփրեմ» ոսկերչական տունը կապ հաստատեց աշխարհահռչակ երգիչ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Շարլ Ազնաւուրի հետ:

Ազնաւուր Ժընեւ հրաւիրեց «Եփրեմ» հաստատութեան անդամները եւ զիրենք հիւրընկալեց «Ինթըրքոնթինենթըլ» պանդոկին մէջ: Ան նաեւ ընդունեց «Խաչքար»-էն օրինակ մը եւ խոստացաւ կարելի բոլոր միջոցներով օժանդակել այս բարեսիրական ծրագրի յաջողութեան` օգնելու համար հայ ազգի դարբնոց-դպրոցներուն:

 

Քանատա

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Նուիրահաւաք.
60
Հազար Տոլար` Ի Նպաստ
Սուրիահայութեան «Դպրոց» Հիմնադրամին

Օգոստոս 9-11 Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ հոգեւոր հովիւին կազմակերպած քայլարշաւ-նուիրահաւաքը, որուն ընթացքին սուրիահայութեան ի նպաստ քայլարշաւին մասնակից 55 թորոնթոհայեր երեք յաջորդական օրեր քալելով` կտրեցին 45 քմ ճանապարհ:

Քայլարշաւին մասնակից խումբը, Մեղրիկ ծ. վրդ. Բարիքեանի առաջնորդութեամբ, երեք հանգրուաններով կանգ առաւ Հայ առաքելական Ս. Երրորդութիւն, Հայ աւետարանական եւ Ս. Լուսաւորիչ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մօտ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողներուն առջեւ եւ աղօթեց:

Կիրակի օր, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եկեղեցական արարողութեան ընթացքին, Մեղրիկ ծ. վրդ. Բարիքեան իր քարոզին մէջ շեշտեց նուիրելու եւ նուիրաբերելու կարեւորութիւնը` յատկապէս կոչ ուղղելով հաւատացեալ ժողովուրդին անսակարկօրէն աջակցելու դժուարին պայմաններու մէջ գտնուող սուրիահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն:

Երեք օրերու ընթացքին հանգանակուեցաւ 60 հազար տոլար, որ պիտի տրամադրուի սուրիահայութեան «Դպրոց» կրթական հիմնադրամին:

 

 

Միացեալ Նահանգներ

Հայկական Ոսկրածուծի Նուիրատուներու
Հիմնադրամի Դրօշը` Արարատի Գագաթին

Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնադրամին համար օգոստոսի 1-ը անմոռանալի օր է, քանի որ այդ օրը հիմնադրամի 11 հոգինոց «Արարատ տրիմ» լեռնագնացներու խումբը, Յարութ Տէր Դաւիթեանի գլխաւորութեամբ եւ նուիրատուներ Հրաչ Լուկասեանի, Աշոտ Մանուկեանի եւ Հայկ Մանուկեանի մասնակցութեամբ, բարձրացուցած է կազմակերպութեան դրօշը Արարատ լերան գագաթին` ի նշան հիմնադրամին ազգանուէր եւ մարդասիրական առաքելութեան համազգային աջակցութեան:

Դէպի Արարատ լեռ արշաւին ընթացքին լեռնագնացներուն խումբը անցած է Ջաւախքէն եւ այցելած` Թմկաբերդ, ուր մասնակցած է Վահան Տէրեանի օրուան նուիրուած ձեռնարկին: Խումբը այցելած է նաեւ Հայաստանի պատմական մայրաքաղաք Անի:

Իջնելով Արարատի գագաթէն` խումբը մեկնած է Վանայ լիճ եւ տօնակատարութիւն կատարած` Աղթամար կղզիին վրայ: Ճամբորդութեան աւարտին դրօշը հանդիսաւոր կերպով յանձնուած է հիմնադրամին:

«Մենք շատ ոգեւորուած էինք «Արարատ տրիմ» խումբին խանդավառութեամբ եւ յատկապէս` մեր նուիրատուներուն մասնակցութեամբ, որոնք հիմնադրամին դրօշը, զոր մենք կը համարենք հրաշալի խորհրդանիշ համահայկական համախմբուածութեան եւ համագործակցութեան, ծածանեցին Արարատ լերան գագաթին», նշած է հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Սեւակ Աւագեան:

Հիմնադրամը հիմնուած է 1999-ին, արեան հիւանդութիւններով տառապող հայերու բուժման նպաստելու համար: Ցայսօր հիմնադրամին անդամագրուած են աւելի քան 25 հազար աշխարհասփիւռ կամաւորներ` 4 ցամաքամասերէ ու 18 երկիրներէ, եւ արձանագրուած են 2249 հաւանական նուիրատուներ, որոնցմէ 16-ը նուիրաբերած է իր ցօղունային բջիջները:

Վարուժան Ագշեհիրլեանի «ՀայԻտալական
Ճարտարապետութեան Առնչութիւնները»
Հատորին Նուիրուած Գրական Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան, գործակցութեամբ  Հայաստանի Ճարտարապետներու միութեան Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղին, 1 օգոստոսին տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ` նուիրուած ճարտարապետ Վարուժան Ագշեհիրլեանի «Հայ-իտալական ճարտարապետութեան առնչութիւնները» հատորի քննարկման ու շնորհահանդէսին:

Երեկոյին բացումը կատարեց ՔՀԳՄ-ի առժամեայ նախագահ, բանաստեղծ ու քննադատ Գէորգ Քրիստինեան, որմէ ետք երեկոն վարեց արձակագիր Պօղոս Քիւփելեան:

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ծիրին մէջ հրատարակուած հատորին արժեւորումը կատարեց բանաստեղծ, գրող, քննադատ Տաճատ ծ. վրդ. Եարտըմեան, իսկ ճարտարապետ Ագշեհիրլեանի կեանքին ու ներկայ գործին գիտական իր վկայութիւնը տուաւ «Երեւան» հայրենակցական միութեան նախագահ ճարտարապետ Արկադի Բաղրամեան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ գրող-մտաւորական ու սոյն հրատարակութեան մեկենաս` բժիշկ Յակոբ Այնթապլեան, որ իր կարգին ճարտարապետ Վարուժան Ագշեհիրլեանի ներկայ ուսումնասիրութիւնը արժեւորեց իբրեւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նպաստ բերող կարեւոր մէկ հրատարակութիւն:

Իր կարգին, գիրքին հեղինակը սահիկներու ցուցադրութեամբ կատարեց նոր հատորին գիտական ու փաստացի ներկայացումը:

«Սասուն» Ամառնային Երգի Եւ Պարի
7-
րդ Ճամբարը

Վերջերս 60-է աւելի պատանիներ եւ երիտասարդներ մասնակցեցան Վանքուվըրի մէջ տեղի ունեցող «Սասուն» ամառնային երգի եւ պարի 7-րդ ճամբարին, որ կազմակերպուած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Վանքուվըրի Հայ կեդրոնին մէջ գործող միութիւններուն կողմէ:

Ճամբար յաճախող վանքուվըրահայ երեխաները այդ երեք շաբաթներուն ընթացքին ծանօթացան հայոց պատմութեան, սորվեցան կրօնի դասեր, ինչպէս նաեւ` հայկական պարեր ու հայերէն երգեր:

28 յուլիսին Ռիչմընտի «Կէյթուէյ» հանդիսասրահին մէջ անոնք յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին վանքուվըրահայերուն հրամցուցին տասէ աւելի հայկական պարեր եւ հայկական շարականներ ու երգեր: Հանդիսութեան աւարտին ճամբարի յանձնախումբին անունով Մեղրիկ Ջաբանեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Թորոնթոյէն հրաւիրուած պարուսոյց Լոռի Նաճարեանին եւ անոր օգնականներուն` Արթիւր Արթինեանին, Լիա Տէրտէրեանին, Մոնիքա Մարտիրոսեանին, Հայկ Յարութիւնեանին եւ երաժշտութեան ու երգի պատասխանատու Թալին Գըլըպոզեանին:

Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Վանքուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Հրանդ Թահանեան, որ ներկաներուն հաճելի դրուագներ պատմեց ճամբարի կեանքէն, ապա Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան ելոյթ ունենալով` շնորհաւորեց մասնակիցները, պատասխանատուները եւ ծնողները իրենց զոհողութեան եւ նուիրումին համար:

Թանքեան Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը
Դարձեալ Լուսարձակներու Տակ Կ՛առնէ

Յուլիս 29-ին, «Հոլիվուտ պոլ»-ի մէջ կայացած համերգի մը ընթացքին «Սիսթըմ աֆ է տաուն» խումբը եւ անոր գլխաւոր երգիչ Սերժ Թանքեան անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:

Թանքեան, պահ մը դադար առնելով, բացօթեայ սրահը ամբողջութեամբ լեցուցած համակիրներուն հետեւեալը ըսաւ. «Երեւակայեցէք, որ 1940-ական թուականներն է, եւ աշխարհը Համաշխարհային Բ. պատերազմի ճիրաններուն մէջ կը գտնուի, սակայն Ամերիկան որոշած է Բրիտանիոյ կողքին չկռուիլ: Երեւակայեցէք, որ ամերիկացիները դաշնակից են Գերմանիոյ նացիներուն եւ որոշած են ոչ միայն դէմ չդնել Հրէական ողջակիզման, այլեւ` ողջակիզում բառը չգործածել պետական շրջանակներու մէջ: Երեւակայեցէք` կեանքը որքա՛ն տարբեր պիտի ըլլար:

Երեւակայեցէք, որ Լոս Անճելըսի մէջ ապրող հրեայ մըն էք ու ձեր նախագահը կամ Քոնկրեսը չի կրնար ողջակիզում բառը գործածել… Ճիշդ այդ զգացումներն են, զորս այժմ կ՛ունենան հայերը, յոյներն ու ասորիներ, երբ մեր կառավարութիւնը չի գործածեր ցեղասպանութիւն բառը»:

Համերգին այս հատուածը կարելի է դիտել` այցելելով http://youtu.be/XhQFbRN8w3c կայքէջը:

«Սիսթըմ աֆ է տաուն» խումբին անդամ չորս հայորդիները տարիներէ ի վեր իրենց ներդրումը կը բերեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու աշխատանքին. անոնց այդ աշխատանքը վաւերագրուած էր «Սքրիմըրզ» վաւերագրական շարժապատկերին մէջ: Ապրիլ 2006-ին Թանքեան եւ խումբին թմբկահարը` Ճան Տոլմայեան, եռօրեայ այցելութիւն մը տուին մայրաքաղաք Ուաշինկթըն` կոչ ընելով քոնկրեսականներուն, որ հաստատեն Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը եւ չանտեսեն այդ ահաւոր ոճիրին իրականութիւնը:

Թանքեան 2009-ի ապրիլին պատրաստեց նաեւ տեսերիզ մը, որ աւելի քան 330 հազար անգամ դիտուած է համացանցին վրայ. տեսերիզին մէջ ան կոչ կ՛ընէ նախագահ Պարաք Օպամային,  որ յարգէ Հայոց ցեղասպանութիւնը յստակօրէն ճանչնալու իր խոստումը, զոր հայութեան տուած էր նախագահական ընտրապայքարի օրերուն: Թանքեանի այդ տեսերիզը կարելի է դիտել www.youtube.com/watch?v=rcJjxOqgANM կայքէջէն, իսկ «Սքրիմըրզ»-էն հատուած մը կարելի է դիտել www.youtube.com/watch?v=q6dVAgQGeuw կայքէն:

Երուանդ Պապայեանի Ծննդեան 100-ամեակը

Վերջերս նշուեցաւ Պէյրութի Թէքէեան վարժարանի նախկին տնօրէն  Երուանդ Պապայեանի ծննդեան 100-ամեակը:

Արդարեւ, Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր եկեղեցւոյ մէջ թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան մատուցեց Ս. պատարագ: Ապա կարդացուեցաւ  Գարեգին Բ. վեհափառին օրհնութեան գիրը: Առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեց իր նախկին տնօրէնը` դպրոցական իր կեանքէն դրուագներ պատմելով եւ ներկայացուց Երուանդ Պապայեան մարդն ու դաստիարակը:

Սուրբ պատարագէն ետք «Զօրայեան» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:

Օրուան բանախօս տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան վեր առաւ Երուանդ Պապայեանին արժանիքները,  ծառայութեան որակը, հայրենասիրութիւնը,  ԹՄՄ-ի Պէյրութի վարժարանին մէջ մատուցած բոլոր ծառայութիւնները:

Ապա յաջորդաբար ելոյթ ունեցան շարք մը անձնաւորութիւններ, որոնք վեր առին մեծարեալին արժանիքները, վաստակին արժէքը եւ անոր բերած նպաստը հայ իրականութեան մէջ եւ յուշանուէրներ յանձնեցին անոր:

Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան մեծարեալին յանձնեց սփիւռքի նախարարութեան ոսկիէ մետալը, իսկ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչական ժողովի փոխնախագահ Սինան Սինանեան` ՀԲԸՄ-ի արծաթեայ մետալը:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Աւարտին շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսքով ելոյթ ունեցաւ մեծարեալը:

 

Ուրուկուէյ

Գրական Երեկոյ

Նախաձեռնութեամբ Մոնթէվիտէոյի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի  վարչութեան, վերջերս առաջնորդարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ:

Բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Ներկիզեան, որմէ ետք Համազգային «Շիրազ» պարախումբի անդամ Վալենթինա Պենլեան  ելոյթ ունեցաւ մենապարով մը: Ապա ներկայացուեցաւ ուրուկուէյահայոց թեմի առաջնորդ Յակոբ արք. Գլընճեանի սպաներէնի թարգմանուած մենագրութիւնը` «Ծիրանի ծառը», որ կարդացին Ալինէ Կիւլեան-Միչելիս եւ Կապրիէլ Վարժապետեան:

Սրբազանը գիրքին մէջ ներկայացուցած է իր մանկութեան եւ պատանեկութեան յուշերը, իր ծննդավայր Քեսապ գիւղի մէջ, իրենց տան բակին մէջ գտնուող ծիրանի ծառը, որ իր առաջին խաղավայրը եղած էր: Ծիրանի ծառը եւ մայրը գլխաւոր դերակատարներն են սրբազանին գրութեան մէջ: Երկար տարիներու բացակայութենէ մը ետք, երբ ան կը վերադառնայ իր ծննդավայրը, չկար այլեւս իր մայրը, իսկ ծիրանի ծառին գրաւած տարածքին վրայ բարձրացած էր նոր շէնք մը: Անոր համար այս երկու փայլուն յուշերը մնայուն ներկայութիւններ են:

Ընթերցումէն ետք տեղի ունեցաւ քննարկում,  որուն համադրողն էր պատմութեան դասատու Անահիտ Պալեան-Չեքմէեան:

Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ սրբազան հայրը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )