Վանէս Մարտիրոսեան-Տիմիթրիուս Անտրատէ Մենամարտը
Հայ բռնցքամարտիկ Վանէս Մարտիրոսեան Հոլիվուտի մէջ իր մարզիչին` Ֆրետի Ռոուչիի հետ կը մարզուի իր յառաջիկայ մենամարտին համար:
Առաջին` միջին կշիռքի մարզի «WBO» գօտիին համար, ան 7 սեպտեմբերին, Լոս Անճելըսի մէջ պիտի մենամարտի Տիմիթրիուս Անտրատէի դէմ:
Մինչ այդ, նշենք, որ 6 յուլիսին Անտրատէ պիտի պայքարէր Չուարբէկ Պայսանքուրովի դէմ` պաշտպանելու համար իր գօտին, սակայն Պայսանքուրով վնասուածքի մը պատճառով հրաժարած էր մենամարտէն եւ բռնցքամարտի միջազգային ֆետերասիոնը ստիպեց Անտրատէի, որ իր գօտին պաշտպանէ Մարտիրոսեանի դէմ մենամարտելով 7 սեպտեմբերին Հոլիվուտի մէջ:
CATEGORIES Մարզական


