Ֆիորենթինա Հրաժարեցաւ Խուլիօ Սեզարը Ձեռք Ձգելէ

Խուլիօ Սեզար

Իտալական Ֆիորենթինա ակումբը յայտարարեց, որ կը հրաժարի անգլիական Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի բերդապահ Խուլիօ Սեզարը ձեռք ձգելու բանակցութիւններէն:

Պրազիլցի բերդապահ Խուլիօ Սեզար համաձայն չգտնուեցաւ, որ իր աշխատավարձը նուազի, եւ այս պատճառով Ֆիորենթինա հրաժարեցաւ զինք միացնել Վիոլայի կազմին:

Նախապէս, նոյն այս պատճառով Սեզար համաձայնութեան չեկաւ միանալու անգլիական Արսենալ եւ իտալական Նափոլի ակումբներուն:

Յայտնենք, որ Սեզարի ներկայ խումբը` Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզ, անցեալ տարեշրջանի վատ արդիւնքներուն պատճառով տեղափոխուեցաւ Անգլիոյ երկրորդական դասակարգ:

 

Share this Article
CATEGORIES