Սամուէլ Էթու Չելսիէն Տարեկան 7 Միլիոն Եւրօ Կը Խնդրէ

Անցեալ շաբաթ, երբ անգլիական Չելսի ակումբը մրցում չունէր, սկսաւ բանակցիլ ռուսական Անզի ակումբին հետ` ձեռք ձգելու համար քամերունցի Սամուէլ Էթուն:

Չելսի պատրաստ է տարեկան 6 միլիոն եւրօ վճարելու` իր խումբին միացնելու համար 32 տարեկան քամերունցի յառաջապահը:

Սակայն Էթու կը ցանկայ տարեկան նուազագոյնը 7 միլիոն եւրօ ստանալ:

Յայտնենք, որ ըստ անգլիական «Միրըր» օրաթերթին, Չելսի Էթուն կը նախատեսէ իբրեւ երկրորդ նախընտրութիւն, որովհետեւ անոնք կը փորձեն իրենց խումբին միացնել Անգլիոյ հաւաքականի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Ուէյն Ռունին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )