Սուսերամարտիկ Եանա Եգորեան Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութեան Նուաճեց Արծաթ Մետալ Մը
Ռուսիոյ կիներու հաւաքականը Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցած սուսերամարտի աշխարհի խմբային ախոյեանութեան գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Աւարտական մրցումին Եկատերինա Թժաչենքօ, Եանա Եգորեան, Թինա Քալիակբարովան եւ Եուլիա Քավրիոլան 44:45 արդիւնքով յաղթեցին Ուքրանիոյ հաւաքականին եւ դարձան աշխարհի ախոյեան:
Նշենք, որ 2010-2012 թուականներուն Եգորեան զգալի յաջողութիւններու հասաւ պատանիներու տարիքի խումբին մէջ: Սինկափուրի ողիմպիական խաղերուն ընթացքին` խմբային եւ անհատական խաղերուն եւ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան ան յաղթական դուրս եկաւ եւ նուաճեց ոսկի մետալները:
Յայտնենք նաեւ, որ 2012 թուականին Եգորեան նուաճեց Ռուսիոյ ախոյեանութեան մրցանակը եւ հրաւիրուեցաւ ազգային խումբ: 2013-ին ան ոսկի մետալ նուաճեց Եւրոպայի ախոյեանութեան, իսկ Քազանի մէջ տեղի ունեցած ունիվերսիտատին` նուաճեց պրոնզէ մետալը:

