«Սախօ Որոշած Է Հեռանալ Փարիզ Սեն Ժերմենէն
Ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ակումբի յետսապահ, փոխխմբապետ Մահմատու Սախօ որոշած է հեռանալ ֆրանսական մայրաքաղաքի ակումբէն:
Ֆութպոլիստը հեռանալու իր ցանկութիւնը յայտնած է նաեւ «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի լրագրողին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին:
Նախապէս կը խօսուէր, որ Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենը նոր պայմանագիր մը պատրաստած էր 23 տարեկան խաղացողին համար:
Յայտնենք, որ Սախօ Փարիզ Սեն Ժերմենի ֆութպոլի դպրոցէն աւարտած խաղացող մըն է եւ 2002 թուականէն խումբին մաս կը կազմէ:
CATEGORIES Մարզական


