Երիտասարդական Ոսպնեակ. Պոլսոյ Ուխտապահները (Պանք Օթոման, 14 Օգոստոս 1896)
Ինչպիսի՛ ճղակոտոր հոգեվիճակի ալ մատնուինք` հայկական երբեմնի Պոլսոյ պարագային պարտադրող երեւոյթ կը մնայ կարօտախառն այն զգացողութիւնը, զոր տածած են մեր նախնիքը (ու ցարդ կը շարունակեն) եւ նորահաս սերունդներ հանդէպ այս դարաւոր գաղութին, որուն կենսագրութիւնը դեռ կ՛երկարի մինչեւ 15-րդ դար:
Կարելի չէ խօսիլ հայկական Պոլսոյ ունեցած դերակատարութեան մասին` յայտնապէս Արեւմտահայ զարթօնքի թէ ընդհանրապէս ազգային կեանքի տարբեր հանգրուաններու եւ բնագաւառներու զարգացման իմաստով, ու զանց առնել 1860-ական թուականներէն սկսեալ հոն կազմաւորուած ազգայնաշունչ թէ յեղափոխական տրամադրութիւններու խմորումներն ու հետագայ արարքները. եթէ փորձենք նման բան ընել արդէն ինքնաժխտումի եւ հակասութիւններու որոգայթին յանձնած կ՛ըլլանք մենք մեզ:
Այլ հարց, որ դարերու վրայ երկարող այս գաղութի պատմութեան առնչուող իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն իր մէջ կը պարփակէ նաեւ թուրք թշնամական վերաբերումի, դառն եղելութիւններու, ոճիրներու, հալածանքի, այլապէս հայ ամիրայական զեխ ու ինքնագոհ կենցաղային պատկերներ, ներքին անհանդուրժող, տխեղծ թէ աղայական ազգավնաս մօտեցումներ, անհեռանկար եւ ստրկամիտ վարքագիծեր, եւ մասամբ նորին, այդուամենայնիւ, հայոց պատմութեան արդի ժամանակներու Պոլիսը հանդիսացաւ հայ ազատասէր եւ հայրենասէր փաղանգներու ժամադրավայրն ու առհասարակ ազատամարտիկներու գործունէութեան յարմարաւէտ միջավայրը:
Թէ ինչո՛ւ այս առիթով վերոնշեալ մտածումները կ՛ընդգծուին հայկական Պոլսոյ մասին, պարզապէս շեշտելու յեղափոխաշունչ արարքի մը` Պանք Օթոմանի պատմակշիռ կարեւորութիւնն ու անհերքելի իմաստը հայոց պարագային, առանձնապէս հիմնաւորելու նաեւ այն տեսակէտը, որ, եթէ երբեք մերօրեայ կեանքին մէջ ականջալուր ենք զգացական խայծերու եւ կարօտագին վերաբերումներու` հանդէպ երբեմնի հայաբորբ այս գաղութի կարգ մը թաղերուն, շէնքերուն, կառոյցներուն, օդին, ջուրին, մթնոլորտին ու շունչին, ապա նաեւ` մտահան պէտք չէ ընել, որ նոյնինքն ատենի Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած են ասպետական ու կորովի արարքներ, որոնց հանդէպ հարկ է ցուցաբերել համապատասխան հասկացողութիւններ եւ վառ պահել անոնց անժամանցելի պատգամը, այո՛, դասերը:
Յիրաւի, նման յեղափոխաշունչ արարքներէն ամէնէն յիշատակելին կը մնայ Պոլսոյ սրտին բազմած Պանք Օթոմանի գրաւումը, զոր դեռ 117 տարիներ առաջ խումբ մը դաշնակցական ընտրանի յեղափոխականներ, յանձն կ՛առնէին` թուրքը իր որջին մէջ հարուածելու խիզախ քայլին դիմելով եւ սպառնալով օտար ազգերու տնտեսական շահերուն ու քաղաքական աճպարարութիւններուն:
Խորքին մէջ, անոնք` հայ ֆետայիները կը միտէին նաեւ ամբողջ Եւրոպայի ուշադրութիւնը սեւեռել հայոց դէմ գործուած համիտեան հալածանքներուն եւ սպանդներուն վրայ, ճնշում բանեցնել սուլթանական Թուրքիոյ վրայ, ցնցել միջազգային շահերն ու հանրային կարծիքը, որոնց գէթ լռութիւնն անգամ բաւարար ապացոյց էր անոնց մեղսակցութեան` հայոց դէմ գործուած անասելի ոճիրներուն:
Արդ, տարիներու թաւալքին հետ ինչպէս չյիշել նուիրական այս գործողութեան հնչեղութիւնն ու թողած պատգամին մեծութիւնը:
Փաստօրէն, երբ համիտեան ջարդերու եւ թշնամական անասելի վերաբերումներու թիրախ էր դարձած ամբողջ Արեւմտահայութիւնը, ծնունդ կ՛առնէր երիտասարդական փաղանգ մը` յանձին Բաբգէն Սիւնիի, Արմէն Գարոյի, Հրաչ Թիրիաքեանի, Վարդան Շահպազի, մշեցի Միսաքի, Խաչիկ Գնունիի, Արտաշէս Անդրէասեանի, Արտաշէս Միսաքեանի եւ բազում գաղափարանուէր հերոսներու, որոնք պատուհասը դարձան թրքութեան եւ վրիժառական իրենց արարքով, քանդեցին ստրկութեան եւ համակերպումի ամէն տրամադրութիւն, որ արմատ էր նետած հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ դարեր շարունակ:
Նման հրաշափառ տղոց ներկայութիւնն ու համախմբումը սոսկ պատահականութիւն չէր երբե՛ք, այլեւ` հայկական յեղափոխութեան զարթօնքին վաւերական արտայայտութիւնը հանդիսացող Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ազգային, գաղափարական, քաղաքական ու ազատագրական ձգտումներուն ջերմութիւնն էր առհասարակ, որով կլանուեցան իրերայաջորդ սերունդներ:
Ճիշդ է, որ Բաբգէն Սիւնի կը մտայղանար Պանք Օթոմանի գրաւումի ծրագիրը եւ կը դառնար անոր իրականացման ամէնէն ճարտար ազատամարտիկը, այդուամենայնիւ, իրեն աջակից կը գտնէր նաեւ Յ. Եուսուֆեանի, Ա. Վռամեանի եւ Արմէն Գարոյի նման այլ յեղափոխական տիտաններ:
Ամիսներ խլող տքնաջան աշխատանքի, կազմակերպումի եւ պատրաստութեան դէմ յանդիման գտնուեցան նաեւ թուլամորթ եւ վեհերոտ անձեր, որոնք երդուած էին մասնակից դառնալ գործողութեան, ապա մետասաներորդ պահուն փախուստի տուած: Սակայն շնորհիւ Բաբգէն Սիւնի մեծութեան, օգոստոսի 14-ին, խումբ մը դաշնակցական անձնուէր տղաք կը գրաւեն Օսմանեան ժամանակի ամէնէն նշանակալից դրամատունը եւ իրենց հսկողութեան տակ կը պահեն զայն:
Սակայն անմիջականօրէն եւ վաւերական դրսեւորումով մը Պանք Օթոմանի գործողութենէն այսօր մեզի կը ներկայանայ այն, որ աւանդի մը նուիրական հնչեղութեան առընթեր, դաշնակցական արժեհամակարգի մաս կազմող տարրերն են, որոնց կենսագործումին նպաստեցին Բաբգէն Սիւնիներու նման հերոսներ, իրենց նախաձեռնութեան ոգիով, ժուժկալ եւ աչալուրջ հսկողի կազմաւորումով, քաջութեամբ, անմնացորդ նուիրուելու հոգեկանութեամբ, ազատասէրի ու յեղափոխականի եզակի օրինակով, քաղաքական հոտառութեամբ եւ գաղափարականի բարձր պատրաստուածութեամբ:
Մատնանշումին ամէնէն ուժական արտայայտութիւնը` նոյնինքն անոր նահատակութիւնն է դրամատուն ներխուժումին ընթացքին, ապա անոր թողած կտակը` գործը շարունակելու դաշնակցականի երդումին տիրութիւն ընելու սրբազան գիտակցութեամբ:
Այս առումով յիշատակելի են նաեւ` օսմանեան դրամատան գրաւումին առընթեր Սամաթիոյ (ուր այսօր կը խողխողուին ծերունի հայ մամիկներ) շրջանի մէջ կատարուած հերոսական կռիւները` յանձին Խաչիկ Գնունիի եւ ընկերներուն, որոնց վիճակուած էր դիմադրութիւն թշնամի զօրքերուն, որոնք պիտի սեղմէին դրամատան շուրջ բանակի օղակը: Այս նուիրեալներու նահատակութեամբ արդէն սկիզբ կը դրուէր նաեւ` ազատագրական պայքարի նոր հանգրուանի մը, որով պիտի կարենային սաստել թուրք զազրութիւնը, իր որջին մէջ անգամ:
Այսօր, սփիւռքի, վերանկախացած հայրենիքի թէ հերոսական Արցախի մէջ, միթէ՞ ժամանակը չէ հասած այլեւս կատարելու հայ ժողովուրդի մաս կազմող քաջարի դրուագներու համահայկականօրէն ոգեկոչումն ու ըստ արժանւոյն գնահատումը` հանդիսաւորապէս:
Արդեօք, նման ու այլ հերոսութիւններու փայլքը մեզի` հաւաքաբար պիտի չսատարե՞ն աւելիով կառչած մնալու հայրենի հողին, ազգային արժանապատուութեան թէ իրաւունքի պաշտպանութեան:
Միւս կողմէ, մերձարեւելեան սփիւռքի դաժան օրերու իրադրութեան մէջ, նման քաջարի տղոց փոխանցած կամքի ու տոկունութեան օրինակը պիտի չօժանդակե՞ն, որպէսզի խիզախութեամբ դիմագրաւենք մեզի պարտադրուած պատերազմական թէ քաղաքական անդոհանքները, այլապէս պահպանելու գաղութահայ մեր կեանքի ընթացքը, ժողովուրդի անվտանգութիւնը, բարօրութիւնը, արժանապատուութիւնն ու դիմագիծը:
Օրին, անոնք` երբեմնի հայկական Պոլսոյ ուխտապահները, ապաւինեցան իրենց բազուկին, մարտունակ ոգիին, գաղափարական հասունութեան եւ դրօշակակիր դարձան ազգային յեղափոխաշունչ արարքներու, հակառակ թուրք զազիր բռնութիւններու ու հալածանքին, ներքին ցեցերու սադրիչ ներկայութեան եւ հակայեղափոխական տրամադրութիւններու:
Այսօր, թէեւ ժամանակները, պայմաններն ու մտայնութիւնները փոխուած են, այդուհանդերձ, սփիւռքահայ մեր կեանքին մէջ կը յամենան անբովանդակ մտայղացումներ, անհեռանկար առաջադրութիւններ, ինքնապաշտպանական համակարգի բազում յենարաններու, ազգային կառոյցները ուժեղ պահող կռուաններու եւ համաժողովրդային տիպար ու անժամանցելի ծրագիրներու եւ հայեցակարգերու մշակումը:
Մեր կարգին, վերապահութեամբ ըմբռնելէ ետք անցեալի հանդէպ հայ իրականութեան ցարդ ցուցաբերած նմանատիպ կարօտի ու հմայքի զգացողութիւնը (երբեմնի հայաբոյր Պոլիսը) եւ այլն, կ՛արժէ նաեւ հարց տալ մենք մեզի, թէ իբրեւ ազգ որքանո՞վ մենք տէր ենք ուխտապահներու այդ սերունդի թողած ժառանգին ու կտակին, յատկապէս ներկայ ժամանակներու խառնափնթոր ու անապահով իրադարձութիւններու լոյսին տակ:
Հակառակի ամէն արտայայտութիւն, ըստ երեւոյթին, ինքնախաբէութեան եւ ամլութեան նորովի նոսթալժի մըն է համայնատարած: